«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրանսացի միլիառդատէր-գործարարներ Բինոներու ընտանիքը 100 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ վերականգնման Փարիզի Աստուածամօր տաճարին, որ վնասուած Է այնտեղ բռնկած հրդեհի հետեւանքով: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Է «Արմէնփրես»-ը, Ապրիլ 16-ին այս մասին յայտնած Է France-Presse-գործակալութիւնը:
«Հայրս՝ Ֆրանսուա Բինոն, եւ ես որոշեցինք Artemis ընկերութեան հիմնադրամներէն 100 միլիոն եւրօ յատկացնել Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերականգնման համար, ուր Երկուշաբթի օրը հրդեհ բռնկած է»,- գործակալութեան յայտնած Է գործարար Ֆրանսուա Անրի Բինոն: Բինոներու ընտանիքը Artemis եւ Kering ընկերութիւններու սեփականատէրն Է: Առաջին ընկերութեան կը պատկանի նաեւ Christie՚s աճուրդային տունը: Kering-ին կը պատկանին նորաձեւ հագուստի շարք մը մակնիշներ, ինչպէս՝ Gucci-ն եւ Yves Saint Laurent-ը, հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը: