«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ ուժգին հրդեհ բռնկած է: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, հաղորդած է NBC-ն:
Նախնական տեղեկութիւններով՝ տուժածներ չկան, հրդեհի պատճառները դեռ յայտնի չեն: Վերջին քանի մը ամիսներուն շէնքը վերականգնուած էր։
Նշենք, որ Աստուածամօր տաճարը Փարիզի ամենայայտնի տեսարժան վայրերէն մէկն է: Անիկա կառուցուած է գրեթէ երկու հարիւր տարի: Այս տարի շինութիւնը դարձած է 854 տարեկան։