Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Պաշտպանական Գերագոյն Խորհուրդը Քննարկեց Անվտանգութեան Քայլերը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –   Պաշտպանութեան Գերագոյն խորհուրդը, Երկուշաբթի օր, Պաապտայի մէջ գումարեց անվտանգութեան քայլերուն վերաբերող նիստ մը։ Երկու ժամ տեւած խորհրդակցութիւնը կը նախագահէր Նախագահ Միշէլ Աուն։

Պաշտպանութեան Գերագոյն խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մահմուտ ալ Ասմար յայտարարեց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են անվտանգութեան հարցերը, մարդոց մաքսանենգութեան եւ ոչ արտօնագրուած աշխատողներու հարցերը: Ան նշեց, որ խորհուրդը նախարարութիւններէն խնդրեց համապատասխան միջոցներ ձեռնարկել՝ այդ հարցերուն վերաբերեալ, սակայն չի մեկնաբանեց խորհուրդին որոշումները:

«Խորհուրդը որոշումները կայացուց գաղտնի, օրէնքին համաձայն»,- ըսաւ Ասմար՝ հանդիպումէն ետք հեռատեսիլով ունեցած իր ելոյթին ընթացքին:

Հանդիպման կը մասնակցէին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ պաշտպանութեան, արդարադատութեան, ներքին գործոց, ելեւմտական, տնտեսութեան եւ արտաքին գործոց նախարարները: Ներկայ էին նաեւ ռազմական եւ անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարներ, ինչպէս, լիբանանեան բանակի հրամանատար, զօրավար Ժոզէֆ Աուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին