Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Նարեկ Արքեպիսկոպոս Կը Կատարէ Վերաբացումը Վերանորոգուած Եւ Բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի

Շաբաթ, 13 ապրիլ 2019-ին կէսօրէ ետք ժամը 1։00-ին, տեղի ունեցաւ վերանորոգուած եւ բարեզարդուած «Գրատուն Նարեկացի»-ի վերաբացման պաշտօնական հանդիսութիւնը ձեռամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, քահանայ հայրերու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Պրն․ Մարտիկ Պօղոսեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, Առաջնորդարանի խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու եւ թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու։

Օրհնութեան կարգէն ետք, սրբազան հայրը հաւաստիացուց, որ սոյն պահը բոլորին համար ուրախութեան առիթ մըն է, որովհետեւ Նարեկացի գրատան նոր տեսքը եւ վերանորոգութիւնը ցուցանիշ է այն սկզբունքին, թէ կեանքը միշտ յառաջդիմութիւն է։ «Վստահ եմ, որ տարբեր դիմագիծ ունէր այս հաստատութիւնը, երբ նոր բացուեցաւ եւ ժամանակի ընթացքին բարեփոխութիւններու ենթարկուեցաւ․ ահաւասիկ այսօր նոր հանգրուան մը կը թեւակոխէ, որպէս հայ մշակոյթի եւ հայ գիրքի նուիրուած հաստատութիւն` Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ» հաստատեց սրբազան հայրը, աւելցնելով, որ ամէն անգամ երբ կը տեսնենք մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային, կրթական հաստատութիւններուն ծաղկումը եւ վերածաղկումը, մեր հոգիները ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լեցուին, որովհետեւ այս բարեփոխութիւնները կու գան հաստատելու, թէ մենք մեր առաքելութեան մէջ բծախնդիր ենք, հետեւողական ենք եւ կը փորձենք մեր կարելին ի գործ դնել ներկան եւ ապագան իրարու առընչելու համար։

«Կը շնորհաւորեմ բոլորս այս առիթով եւ կը մաղթեմ, որ մեր բոլոր հաստատութիւնները միշտ ծաղկուն եւ բարգաւաճ մնան եւ հասնին մեր ժողովուրդի զաւակներուն բիւր կարիքներուն» եզրափակեց Նարեկ արքեպիսկոպոս, յաջողութիւն մաղթելով Նարեկացի գրատան եւ մեր բոլոր ճիգերուն՝ մեր ժողովուրդի շինութեան եւ բարգաւաճման համար։

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին