Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Հայ-Ռուսական Միացեալ Զօրախումբի Մարտավարական Զօրավարժութիւնները Կ’աւարտին Կրակային Փուլով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Բաղրամեան զօրավարժարանէն ներս մեկնարկած է հայ-ռուսական միացեալ զօրախումբի մարտավարական զօրավարժութեան եզրափակիչ` կրակային փուլը:

 «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` կրակային փուլի անձնակազմը բաղկացած է աւելի քան 1500 զինծառայողէ: 

Հայ- ռուսական միացեալ զօրախումբի հրամանատար Տիգրան Փարուանեանի խօսքով` զօրավարժութիւնը կ’իրականցուի առանց ուղղուածութեան:

«Սենար պիտի չըլլայ, չկայ գրած, թէ ինչէն յետոյ ինչ պէտք է ըլլայ: Խնդիրը կը տրուի հրամանատարին, ան պէտք է ղեկավարէ իր զօրքը, եւ ընթացքին տարբեր տեսակի առաջադրանքներ պիտի ստանայ, եւ անոնք նոյնպէս պէտք է կատարէ»,- ըսաւ Փարուանեան:

Նշենք թէ, միացեալ զօրավարժութիւնը սկսած է Ապրիլ 1-ին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին