Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Լիբանանի Ընկերային Հարցերու Նախարար Տոքթ. Ռիշար Գույումճեան Այցելեց Թէքէեան Կեդրոն (լուսանկարներ)

Լիբանանի Ընկերային հարցերու նախարար՝ Տոքթ. Ռիշար Գույումճեան, այցելեց Պէյրութի Թէքէեան  կեդրոն, ուր հիւրը ընդունեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկ. Սեւակ Յակոբեան, ՌԱԿի նախկին երեսփոխան ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ,  ՌԱԿ-ի Լիբանանի նորակազմ ակումբներու վարչութեանց ատենապետներ եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ ԹՄՄի պատասխանատուներ:

Ընկ. Սեւակ Յակոբեան ողջոյնի խօսք յղեց նախարար Գույումճեանին՝ հաստատելով, որ նախարարը ոչ միայն հայկական համայնքի ներկայացուցիչն է, այլեւ ան փտածութեան դէմ պայքարողներու  լաւագոյն եւ ամենախօսուն օրինակն է, ու հպարտութեան առիթի իւրաքանչիւր լիբանանահայի: Ան կը համարուի «ուժեր»՝ իր ընդհանրական իմաստով (նկատի ունենալով նախարարին Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան պատկանելիութիւնը) եւ «ուժ»՝ իր անձնական յատկանիշով։

Ապա, խօսք առաւ նախարար Գույումճեան, ըսելով,- «Իսկապէս ուրախ եմ եւ հպարտ, որ այսօր այցի եկած եմ ռամկավար ազատական եղբայրներուս քով, ես ինքզինքս կը համարեմ ձեր բարեկամն ու եղբայրը»։

Նախարարը նաեւ գնահատեց Լիբանանի մէջ համատեղ կեանք ապրելու հայերու ունեցած դերակատարութիւնը, եւ նշեց, որ ան ինքզինք իբրեւ նախարար ի սպաս կը դնէ լիբանանի քաղաքացիի ծառայութեան, որպէսզի ան կառչի իր հողին, պահպանէ զայն եւ արժանապատւութեամբ ապրի այս հողին վրայ։

Նախարարը աւելցուց, ըսելով,- «Այս այցը ունի հիմնական երկու նպատակ. Առաջինը՝ յայտնելու իր զինակցութիւնն ու նեցուկը ՌԱԿ-ին, երկրորդը՝ վստահութեան վերականգնումն է հայ համայնքի, որ միշտ ապացուցած է առաջնորդելու իր կարողութիւնը։ Յարգելի նախարարի իր խօսքին մէջ նաեւ շեշտեց, որ Հայ երիտասարդութիւնը պէտք է կրկնապատկէ իր ջանքերը աւելի եւս ընդգրկուելու լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ եւ այնտեղ որոշումներ կայածցնելու  գործին մէջ։

Հանդիպման աւարտին ներկայ ընկերները առիթը ունեցան իրենց հարցերը տալու պրն. Նախարարին, որ սպառիչ կերպով պատասխանեց հարցումներոն, լուսաբանելով բոլորին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին