«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Նախագահ Միշէլ Աուն, Ուրբաթ Ապրիլ 12-ին, կոչ ըրած է ամերիկեան ընկերութիւններուն մասնակցելու Լիբանանի օֆշորային քարիւղի եւ կազի հետազօտման երկրորդ փուլի աճուրդին։ Այս մասին ան նշած է Twitter-ի իր էջին մէջ։
Աունի առաջարկները ներկայացուած են Պաապտայի մէջ ամերիկեան քոնկրեսական պատուիրակութեան մը հետ զրոյցի մը ընթացքին։
Անցեալ շաբաթ, Լիբանանը գործարկած է քարիւղի եւ կազի հետազօտման երկրորդ փուլի աճուրդը ծովեզերեայ 1, 2, 5, 8 եւ 10 հատուածներուն համար։ Ընկերութիւններուն համար, ըստ ուժանիւթի նախարար Նատա Պոսթանիի, առաջարկ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը 31 Յունուար 2020-ն է։
Լիբանանի արտօնագրման գործընթացքի առաջին փուլը իրականացած է 4 եւ 9 հատուածներու French Total, Italian Eni and Russian Novatek առեւտրական ընկերութիւններուն յատկացումով։