Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները Կիրակի 7 Ապրիլ 2019-ին կատարեցին աննախընթաց իրագործում մը` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով շահելով ճատրակի Լիբանանի դպրոցական ախոյեանութեան առաջնութիւնը:
Մեսրոպեանը իր ետին ձգեց լիբանանեան 80 դպրոցներ, որոնցմէ մասնակցելու եկած էին 432 աշակերտներ: Ախոյեանութեան մրցապայքարը տեղի ունեցաւ Շուէյֆաթի “Ամժատ” վարժարանի մարզասրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի Ճատրակի Ֆետերասիոնին:
Մեր վարժարանի հաւաքականը կը բաղկանար 11 աշակերտներէ` Ճիօ եւ Կի Գալուստ, Նանոր եւ Նայիրի Առնէլեան, Կարօ Գալֆայեան, Սեզար Խալիֆէ, Ժան Քիրէճեան, Քրիստափոր Պօշնաքեան, Մարք Կիւլկիւլեան, Արեգ Ճենանեան եւ Անդրանիկ Աստուրեան:
Այս առիթով Մեսրոպեանի մէջ կայացած յատուկ հաւաքին, վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ այս մեծ յաղթանակը լաւագոյն նուէրն է, որ ճատրակի հաւաքականի աշակերտները կրնային նուիրել վարժարանին` հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով: Ան դիտել տուաւ, որ այս իրագործումին մէջ իրենց ներդրումը ունին ճատրակի վաստակաւոր մարզիչ պարոն Էլի Հուլիշեան, մեր աշակերտներու ծնողները` իրենց զաւակներուն զօրակցելով եւ Մեսրոպեանի ուսուցչական կազմը` ցոյց տրուած հետեւողական քաջալերանքով:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի