Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿԷՍ

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Գ.- Հանդէսներու եւ ձեռնարկներու հռմշտոց

 

            ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Վերջին տասը-տասնհինգ տարիներու ընթացքին նկատած եմ հետեւեալ երեւոյթը. հանդէսներ ու ձեռնարկներ զիրար կը հալածեն, որուն պատճառով, իմ համեստ կարծիքով, աւելի քիչ հայրենակիցներ կը յաճախեն, իսկ յաճախողներն ալ գրեթէ նոյն վաթսունէ վեր հայերս ենք։ Նկատած եմ նաեւ, թէ մեծագոյն բացական երիտասարդութիւնն է։ Նոյնիսկ անգլերէն լեզուով հանդէսներուն երիտասարդները կը բացակային։

            Խօսքս կը վերաբերի գեղարուեստական, գրական եւ դասական համերգներու։

            Մարդիկ պիտի ըլլան եւ ըսեն թէ՝ զանգուածային հաղորդակցութեան միջոցներու ընձեռած զանազան գործիքները (IPad, IPhone, համացանց եւ այլն) փոխարինած են հանդիսասրահներուն դերը։ Երիտասարդութիւնը,– պիտի շարունակեն ըսել այդպիսիները,– շատ հետաքրքրուած չէ, եթէ զինք մտահոգող խնդիրներուն չի համապատասխաներ, ժամանակ չունի, աշխատանքը եւ գործը յոգնեցուցիչ է, շատ պէտք է աշխատի որ կարենայ ժամկէտին վճարել իր կրթաթոշակներու համար առնուած վարկերը եւ այլն։

            Է՛հ, ուրեմն, ինչո՞ւ կը տանջուինք՝ նիւթական աղբիւրներ փնտռելով, ասդին անդին հեռաձայնելով եւ մեր հայրենակիցները դժուար կացութեան հրաւիրելով ու բարոյական պարտքի տակ դնելով զանոնք…

            Խոստովանիմ, որ ես միջոց մը գտեր եմ ինքզինքս ազատելու եւ մէկ գլխացաւանք պակաս պատճառելու հայրենակիցներուս. ուղղակի կը մերժեմ ելոյթ ունենալ (հիասթափութիւն, քիչ թիւ ներկաներու…)։

            Ատենին մարգարէացած էր Վահան Թէքէեան, երբ կը գրէր.

 

Լեզուն որով  գրեցի՝ երկրի երեսը քիչեր

Կը կարդային զայն արդէն ու պակսեցան անոնք ալ…

Հարիւր տարի ետք միայն, իր այս ձեւով, այս սըխալ

Կամ ճիշդ ձեւով ու հնչմամբ՝ լեզուն անուշ զոր խօսեր

Էին անուշ տըղաքներ, գուցէ խօսող չունենայ։ («Լեզուն որով գրեցի»)

 

            Նոյն մարգարէութիւնը մէկ այլ բնագրի մէջ այսպէս կը ձեւակերպէին Խաչատուր Աբովեանն ու Շահան Շահնուր.

            – Ա՜խ, լեզուն, լեզուն, լեզուն որ չըլի, մարդ ընչի՞ նման կ՚ըլի։

            Ըստ Խ. Աբովեանի լեզուն ազգը իրարու մօտ կը բերէ եւ զիրար կը միացնէ։

            Շ. Շահնուր իր «Նահանջը առանց երգի» յայտնի վէպին մէջ իր հերոսին բերնով կ՚ըսէ. «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ԼԵԶՈՒՆ, ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ԼԵԶՈՒՆ, ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ԼԵԶՈՒՆ…»։

            Պարզուած տխուր իրականութիւնը բնական է եւ անխուսափելի, երբ տարատնկուած ազգի զաւակն ես։ Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն իր բնիկ ազգաբնակչութենէն խլեց իր բնօրրանի մեծ մասը, ոչնչացուց միլիոնաւոր հայորդիներ, ապա ցաք ու ցրիւ ըրաւ մնացորդացին մեծ մասը, խլեց իր լեզուն՝ օտար ափերու վրայ. չէ՞ որ վերջերս սկսած ենք ողբալ արեւմտահայերէնի անխուսափելի մահը։

            ԱՄՆ-ի մէջ եւ այլուր այդպէս եղած է գրեթէ բոլոր գաղթականներու եւ անոնց յետնորդներուն ճակատագիրը։ Քառասուն, յիսուն, հարիւր տարի առաջ ովկիանոսը կտրած եւ քիչ թէ շատ իրեն համար բարեկեցիկ կեանք ստեղծած իրլանտացին, ֆրանսացին, իտալացին, ուքրանիացին,  լեհը, ռումանացին եւ շատ ուրիշ ազգեր, որոնց բնիկ հայրենիքը աւելի կայուն եւ ուժեղ դիրքեր կը գրաւէ այժմ այս արեւուն տակ, բացարձակ, անոնց  մեծամասնութիւնը կորսնցուցած է իր մայրենին։ Հայերս չէինք կրնար բացառութիւն կազմել։ Բայց կան կարգ մը ազդակներ, որոնք կրնան երկարաձգել այս «մահացման» գործընթացը, ինչպէս՝ կրօնը եւ եկեղեցին (օրինակ՝ հրեաներ, մահմետականներ եւ այլն)։ Տարբերութիւնը ժամանակի տեւողութեան մէջ է՝ քսան տարուան փոխարէն յիսուն տարիէն պիտի կորսնցնեն իրենց լեզուն։

            Ճիշդ է որ յոռետեսութեան յատկանիշներ կան իմ վերլուծումներուս եւ խոհերուս մէջ, բայց մեծ լաւատես մըն ալ չեմ եւ ո՛չ ալ երազատես մը, որ ամպերու վրայ կը սաւառնի։ Այսուամենայնիւ կան կարգ մը ազդակներ, որոնք կրնան որոշ չափով նպաստել մեր հայապահպանման եւ հայախօսութեան։

            ա.- Հայաստանեայց եկեղեցին եւ միւս դաւանանքներու հետեւող հայեր, եթէ յաճախակիօրէն եկեղեցի կը յաճախեն, հայերէնով կ՚աղօթեն (թէկուզ եւ երբեմն առանց հասկնալու կամ գիտնալու իրենց մրմնջած լեզուն)։

            բ.- «Հայկական դպրոցները»՝ միօրեայ, շաբաթօրեայ, կրնան նպաստել հայախօսութեան եւ ՀԱՅ ՈԳԻԻ ՈՒ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ. այստեղ յատկապէս պիտի ուզէի քիչ մը աւելի ընդգծել ամէնօրեայ վարժարաններու ջանքերը, բայց եկէք տեսէք որ սփիւռքի դպրոցական տարիքի աշակերտներու շատ քիչ տոկոսը կը յաճախէ հայկական վարժարան (պատճառներուն մասին առ այժմ չխօսինք)։

գ.- Յաճախակի հայրենիք այցելելը զանազան պատճառներով՝ զգալի կերպով խթան կրնայ հանդիսանալ լեզուին ծանօթանալու եւ հարենիքին հետ սիրտէ սիրտ յարաբերութիւն մշակելու ընթացքին մէջ։ Այս առնչութեամբ օրինակները քիչ չեն։

            դ.- Ինչպէս տարբեր առիթներով ալ ըսած եմ՝ համացանցը իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ կարեւոր միջոց մըն է ու գործիք՝ հայերէն սորվելու եւ մշակոյթին ծանօթանալով աւելի մօտենալու հայութեան։

            Այս դրութեան մէջ յուսալի է, ուրեմն, որ կարելիութիւններ կան ուսումնասիրելու հայոց լեզուն, աւելի լաւ իմանալու հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթի մէջ նուաճուած յաջողութիւնները։

             Վերջին տասնամեակին որոշակի արդիւնքներ արձանագրած են այսպէս կոչուած Virtual College-ներու ծրագիրները։ Օրինակ, ես առաջիններէն մէկն եմ եղած, որ ՀԲԸ Միութեան կողմէ քաջալերուած, Երուանդ Զօրեանի Armenian Virtual College-ին կողմէ փորձառական շրջան անցնող ծրագիրով հասած որոշ յաջողութիւններու։

            ե.- Օգտակար է եւ յոյժ թելադրելի է հայկական պարի դպրոցներու գործունէութիւնը ամենուր։ Նկատի ունենալով այն փաստը, որ սփիւռքի տարածքին դպրոցական եւ վաղ երիտասարդութեան տարիքի երիտասարդ երիտասարդուհիներու ԲԱՑԱՐՁԱԿ մեծամասնութիւնը կը յաճախէ իր ապրած երկրի հանրային դպրոցները, ուր չկան հայերէնի դասընթացքներ (բացառութեամբ Կլենտէյլի քանի մը հայահոծ հանրային վարժարաններու), հայկական պարի դասընթացքները կը նկատեմ մխիթարութիւն մը։ Ազգային պարերը իրենց մէջ կը խտացնեն տուեալ ազգի կամ ցեղի ինքնուրոյն յատկանիշները, հետեւաբար ազգային պարերու ուսուցումը կը նպաստէ հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական ոգիի ամրապնդման։ Ազգային պարերը հաճոյքով կը պարեն երիտասարդները եւ կ՚արժանանան ներկաներու բուռն ծափահարութեան, ուրեմն պէտք է օգտուիլ այս հանգամանքէն եւ առաւելագոյնս օժանդակել ազգային պարեր սորվեցնող դպրոցներու։

            զ.- Ամէնէն շատ ժողովրդականութիւնը կը վայելեն մարզական ակումբները եւ մարզաձեւերը։ Կարգ մը երկիրներու մէջ ոտնագնդակը եւ պասքեթպոլը, իսկ ԱՄՆ-ի մէջ յատկապէս պասքեթպոլը դէպի իրենց կը ձգեն հարիւրաւոր երկսեռ երիտասարդներ։ Ահաւասի՛կ այն պարարտ հողը, ուր օտարախօս տղաքն ու աղջիկները իրարու հետ կ՚ըլլան եւ կը կիսեն միեւնոյն խայտանքը։

            Երիտասարդութիւնը կրնայ «չախորժիլ» գրական երեկոներէ, դասական համերգներէ, բայց սպորտը եւ պարը, ինչպէս նաեւ միւս մարզաձեւերը (թենիս, վոլիպոլ, ճատրակ եւ այլն) աւելի հարազատ կը նկատէ իր խառնուածքին։

             

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին