Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Հիւպատոսութեան 25-ամեակի փառաւոր նշում Տիկ. Աննա Յակոբեանի ներկայութեամբ (լուսանկարներ)

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Այս տարի կը լրանայ 25-ամեակը Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հիւպատոսութեան հիմնադրութեան։ Այս առիթով, Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր միջոցառում Կլենտէյլի «Հիլթոն» պանդոկին մէջ, Կիրակի, Ապրիլ 7-ի երեկոյեան։

Ներկայ էին ԱՄՆ գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկինը՝ Աննա Յակոբեան, Քալիֆորնիոյ սենաթորներ, նահանգային, մարզային եւ քաղաքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Արեւմտեան ափի հայ համայնքի բոլոր միաւորներու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, քաղաքական, մշակութային, հասարակական կառոյցներու առաջին դէմքեր, բարերարներ, մտաւորականներ եւ սրտցաւ հայեր։ Հիւպատոսարանը յատուկ հրաւէրներ ուղղած էր լրատուական միջոցներուն։

Օրուան հանդիսավարն էր Լոս Անճելըսի դատաւոր՝ Արմենուհի Էյմի Ավշանեան, որ արհեստավարժօրէն կատարեց իրեն վստահուած պարտականութիւնը։ Հանդիսութիւնը աղօքթով բացին Գերշ. Տէր Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Արժ. Տ. Մանուկ Աւագ Քահանայ Մարգարեան։

Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան անդրադարձաւ հիւպատոսութեան հիմնադրութեան պատմութեան եւ ներկային։ Ապա, ան ընթերցեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շնորհաւորագիրը։

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան շեշտը դրաւ Հայաստանի մէջ ներկայիս իրականացուող տնտեսական յեղափոխութեան վրայ եւ յիշեցուց, թէ Լոս Անճելըս եւ Երեւան քաղաքներու բարեկամութեան ու գործակցութեան 15-ամեակն է յառաջիկայ տարի։

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Վահագն Մելիքեան ընթերցեց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի խօսքը, կարեւորելով կապերու խորացումը Քալիֆորնիոյ հետ, ուր յատկանշական է Լոս Անճելըսի հիւպատոսութեան դերը։

Բացառիկ ընդունելութեան արժանացաւ Տիկ. Աննա Յակոբեան, երբ հրաւիրուեցաւ իր խօսքը փոխանցելու։ Ան անդրադարձաւ իր բառերով՝ «երկար սպասուած յեղափոխութեան», Արցախի խնդիրի խաղաղ կարգաւորման, կանանց մասնակցութեան՝ յեղափոխութեան եւ այդկէ ետք մեր կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ իր գլխաւորած երկու կազմակերպութիւններուն՝ «Իմ քայլը» եւ «Ժպիտների քաղաք» հասարակական հիմնադրամներուն գործունէութեան եւ ծրագիրներուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի հայութեան, ցուցադրուող զօրակցութեան համար։

Ձեռամբ տիկին Աննա Յակոբեանի, Հիւպատոսութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով մեծարուեցան հիւպատոսութեան հիմնադրութան սատարած խումբ մը հայրենակիցներ՝ «Հայաստանի տուն» կազմակերպութեան ղեկավար մարմինը, որ գլխաւոր հիւպատոսութեան տրամադրած է Կլենտէյլի մէջ գտնուող հիւպատոսութեան շէնքը։ Մեծարեալներուն մեծ մասը ներկայ էին այդ երեկոյ։ Հոգաբարձական կազմ՝ Վաչէ Մանուկեան, Սինան Սինանեան եւ Ճերալտ Թրբանճեան։ Տնօրէններու խորհուրդ՝ Սինան Սինանեան, Վահէ Եագուպեան, Չարլի Կայիլեան, Յովսէփ Կանիմեան եւ Պետրոս Օրունճաքչիէլ։ Իսկ Հիմնադիր բարեկամներու կազմին մաս կը կազմեն՝ Էլիզապէթ Աղպապեան, Ֆլորա Տունայեանց, Հերմինէ Ճանոյեան, Սաւի Թիւֆէնքճեան, Ռաֆֆի Ուրֆալեան, Կրէկ Գահվէճեան, Վահան եւ Անուշ Շամլեան եւ Բարսեղ Գարթալեան։

Կը շնորհաւորենք Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանն ու համայն լոսանճելըսահայութիւնը՝ հիւպատոսութեան 25-ամեակին առիթով, մաղթելով մեր հայրենիքին յարատեւ վերելք։ Այս միջոցառումը իր շուրջ հաւաքած էր 16 ազնիւ տիկիններէ բաղկացած յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ տիկիններ Ալիս Չաքրեանի, Ալիս Պետրոսեանի եւ Նորա Եագուպեանի։ Շնորհակալութիւն բոլորին։

Կը մաղթենք, որ դրական բարձր տրամադրութիւնը վարակիչ կը դառնայ եւ գործակցութիւնը հայ համայնքէն ներս կ՚արդիւնաւորուի նորանոր յաջողութիւններով։

 

Մամլոյ ասուլիս

Նոյն օրը, 25-ամեակի հանդիսութենէն անմիջապէս առաջ, տիկին Աննա Յակոբեան եւ գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան յատուկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանեցին Լոս Անճելըսի լրատուական միջոցներու խմբագիրներուն եւ լրագրողներուն հարցումներուն։

Տիկին Յակոբեան բացատրութիւններ տուաւ իր ղեկավարած բարեսիրական հիմնադրամներուն մասին, անդրադարձաւ Ուաշինկթըն եւ Պոսթոն կատարած այցելութեան եւ կիսեց իր տպաւորութիւնները։

Դոկտ. Բայբուրդեան կարեւորեց հիւպատոսութեան 25-ամեակը, որ առիթ կը հանդիսանայ նաեւ նոր լիցք հաղորդելու Հայաստան – տեղական համայնք կապերու սերտաճումին, մանաւանդ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին