«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կոշտ արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի օր ճանչնալու մասին հրամանագիրին: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Չաւուշօղլուն գրած է Twitter-ի իր էջին:
Մեւլութ Չաւուշօղլուն պնդած է, որ այդ հրամանագիրը կը խախտէ ՄԻԵԴ-ի եւ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի որոշումները:
«Մաքրոնը նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին հայերուն տուած խոստումները իրականացնելով` կրկին կը դիմէ փոփուլիզմի։ Նախ եւ առաջ թող իր մութ պատմութեան հայեացք նետէ: Ռուանտայի ցեղասպանութենէն ցայսօր կէս դար անցած է»,- ըսած է արտաքին գործոց նախարարը։
Յիշեցնենք, որ ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Ապրիլ 10-ին, ստորագրած էր Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ճանչնալու մասին հրամանագիրը։
Արդարեւ Ֆրանսայի նախագահը կատարեց Փետրուարին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տուած իր խոստումը: Ապրիլ 10-ին էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր ստորագրեց եւ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան օրէնքով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը 2001-ին: