Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Արարատ տան մէջ. ՀԲԸՄ-ի հիմնադրութեան 113-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի կէսօրին, Լոս Անճելըսի Արարատ տարեցներու տան մէջ տեղի կ՚ունենայ միջնաճաշ, հովանաւորուած հայկական զանազան կազմակերպութիւններու կամ անհատներու բարեգործութեամբ:

Այս Երեքշաբթի օր, 2 Ապրիլ 2019-ին, միջնաճաշը հովանաւորուած էր Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ, իր համայն վարչական միաւորներու եւ ղեկավարութեանց մասնակցութեամբ: Արարատ տարեցներու տան «Տէօքմէճեան» հանդիսասրահը լեցուն էր հայ հասարակութեամբ, որոնք ժամանած էին վայելելու միջինքի համեղ ճաշերն ու մանաւանդ՝ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի երկու վարժարաններու՝ Մանուկեան-Տեմիրճեան (Քանոկա Փարք, Լոս Անճելըս) եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան (Փասատինա) գեղարուեստական գեղեցիկ ելոյթը, որ յատուկ պատրաստուած էր այդ օրուան առիթով, Դոկտ. Սիլվա Գարայեանի ջանքերով, եւ վարժարաններու աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմերուն մասնակցութեամբ:

 

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Տիկ. Ալիս Գաւալճեան, Արարատ տան տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհին, բարի գալստեան եւ շնորհակալական խօսքերով: Ան ճաշի սպասարկումէն անմիջապէս առաջ ներկաները հրաւիրեց Արարատ տան ամենաերեց տիկնոջ, Լիզա Սահակեանի 100-րդ եւ Պրն. Ժոզէֆին 97-րդ տարեդարձները շնորհաւորելու, տօնական երեւոյթով եւ սրահի համայն ներկաներով:

Բարի գալստեան խօսք ուղղեց նաեւ Պրն. Մայքլ Սիւրմէեան, Արարատ տան ատենապետ, շնորհակալութիւն յայտնելով Արարատ տան բոլոր հովանաւորներուն, որոնց նուիրատուութիւններուն շնորհիւ է որ մեր տարեցները այսօր կը վայելեն իրենց կեանքի օրերը այստեղ, խաղաղ, առողջ եւ ապահով: Տէր Երեմիա Խաչատրեան աղօթքով օրհնեց սեղաններն ու ներկաները։

 

Գեղարուեստական յայտագիրը սկսաւ ճաշէն ետք, Դոկտ. Սիլվա Գարայեանի ասքով, ատենապետուհի ՀԲԸՄ-ի Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանի Հոգաբարձութեան Կրթական յանձնախումբին, շնորհաւորելով ՀԲԸՄ-ը իր 113-րդ տարեդարձին առիթով, որ իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ որեւէ խնամք, աջակցութիւն եւ հոգատարութիւն չէ զլացած որեւէ աշխարհատարած հայորդիի, օգնութեան հասնելով անոր դժնդակ պահերուն, ուսում եւ կրթութիւն ջամբելով սերունդներուն:

Գեղարուեստական յայտագրի առաջին ելոյթը ունեցաւ Տիկ. Աստղիկ Տատուրեան, Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» քերթուածով, որ ներկաներու գնահատանքին արժանացաւ:

Անոր յաջորդեց ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի նախակրթարանի  երգչախումբի ելոյթը “Glee Club”-ը, ղեկավարութեամբ Օրդ. Արուս Անդրէասեանի, որոնք սկսան ՀԲԸՄ-ի քայլերգով, “Where is love”, “I’d like to teach the world to sing”, «Հայ Մնա՛», «Իմ aնունը Հայաստան է» եւ «Հայ ենք մենք» երգերով հանդէս գալով: Մանուկներու ներկայացումը նոյնպէս մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Նոյն վարժարանի երկրորդական դասարաններու պարախումբը, պարուսոյց Անայիս Աւանէսեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուց «Կիլիկիա» եւ «Երեւան» պարերը: Իսկ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի աշակերտներու երգչախումբը, խմբավար Պարթեւ Կիւլիւմեանի ղեկավարութեամբ եւ Էլմիրա Սիմոնեանի դաշնամուրի մասնակցութեամբ, ներկայացուց «Հայաստան», «Հայաստան Աշխարհ», «Մարտիկի Երգը»՝ մենակատարութեամբ Լուսինէ Պէսնէլեանի, «Կիլիկիա» եւ «Հայաստանի ծով գինին», մենակատարութեամբ Դաւիթ Աբիկեանի:

Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինը աւարտեցաւ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի պարախումբի «Յաղթանակ» պարով:

Հանդիսութեան աւարտին, Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնուհի, Տիկ. Արփի Աւանէսեան փակման իր խօսքով նշեց, թէ այն 62 աշակերտները որոնք հոս էին այսօր, փոքր մասնիկ մըն էին ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու այն հոյլին, որոնք ոչ միայն կ՚ուսանին ամբարելով գիտելիք եւ կրթութիւն մեր վարժարաններուն մէջ, այլ նաեւ անոնք կը պատրաստուին դառնալու մեր ապագայ հայ սերունդներու ներկայացուցիչներ, իրենց վարք ու բարքով ու կենցաղով:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վիճակահանութեամբ:

Բազում շնորհք ու տաղանդ ՀԲԸՄ-ի աշակերտներուն, ուսուցչական կազմին, տնօրինութեանց եւ գեղարուեստական ղեկավարներուն: Գեղեցիկ յայտագիր մը, որ վայելեցին ներկաները այդ օր:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին