Երեքշաբթի, 9 Ապրիլ 2019-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին: Հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին հայակական երեսփոխան պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան, ինչպէս նաեւ դեսպանին երկու օգնականները:
Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով դեսպանին Անթիլիաս կատարած երկրորդ այցելութիւնը, անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ու իսլամութեան դարաւոր յարաբերութեան 7-րդ դարէն սկսեալ Հայաստանի, Օսմանեան կայսրութեան եւ ապա արաբական աշխարհին մէջ, շեշտելով, որ այդ յարաբերութիւնը միշտ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի ու վստահութեան ամուր հիմերու վրայ: Ապա, Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու յատկապէս արաբական աշխարհի մէջ հաստատուած հայ համայնքներու իսլամ ժողովուրդին հետ սիրալիր յարաբերութեան թէ՛ պետական, թէ՛ համայնքային եւ թէ կրօնական մակարդակներու վրայ: Խօսելով քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան մասին, Հայրապետը ընդգծեց զայն գործնապէս թարգմանելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս ծիրէն ներս անդրադարձաւ մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ կատարուող կարեւոր ներդրումին: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանին ու Հայստանին հետ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութեան կարեւորութեան: Ան յիշեց թուրքիոյ կողմէ Հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը եւ իսլամական աշխարհին եղբայրական մօտեցումը հայ ժողովուրդին նկատմամաբ: Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի աւարտին խօսեցաւ լիբանանահայութեան մասին, որպէս երկրին եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը: Ան յիշեցուց դեսպանին, որ հայ համայնքը վերանորոգ նուիրումով կը շարունակէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Լիբանանի ներքին միասնականութեան եւ երկրին բարգաւաճման նպաստով բոլոր աշխատանքներուն:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ դարձեալ կ՚այցելէ Կաթողիկոսարան եւ կը հանդիպի Նորին Սրբութեան: Ան ըսաւ, թէ լիբանանահայութիւնը այս երկրի սիւներէն մէկն է եւ Լիբանանի պատմութիւնը չի կրնար մոռնալ ազգային միութեան եւ համակեցութեան եւ լիբանանի բարգաւաճամն անոր բերած կարեւոր նպաստը: Իմ այցելութիւնս այսօր գործնական արտայայտութիւնն է իմ երկրիս զօրակցութեան եւ անոր կառչածութեան լիբանանի համայնքներու խաղաղ ու արդար գործակցութեան, ըսաւ դեսպանը: Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, ան ըսաւ, թէ Հայ ժողովուրդը յաջողեցաւ վառ պահել իր դատը բոլոր այն ժողովուրդներու յիշողութեան եւ խղճին մէջ, որոնք կառչած կը մնան արդարութեան: Հայ ժողովուրդը, որ ենթարկուեցաւ հալածանքի եւ անարդարութեան, չյուահատեցաւ եւ չնահանջեց: Ան ստեղծագործ ոգիով ու կազմակերպ կերպով ներկայ է աշխարհի տարածքին: Երկնային միաստուածեան կրօնները չեն ընդունիր անարդարութիւնը: Ապա, իր խօսքը ուղղելով Արամ Ա. Կաթողիկոսին ըսաւ. «Այսօր կ՚այցելեմ ձեզի արտայայտելու մեր խոր երախտագիտութիւնը եւ հպարտութիւնը՝ ձեզմով հզօրացնելու մեր բարեկամութիւնը, գործակցութիւնը եւ սերտ յարաբերութիւնները ձեր ազնիւ ժողովուրդին հետ, յանուն արդարութեան, իրաւունքի եւ մարդկային արժանապատուութեան»:
Դեսպանը հրաժեշտ տուաւ Վեհափառին իր սիրալիր յարաբերութիւնը ու գործակցութիւնը շարունակելու խոստումով: Ապա ան ուղղուեցաւ նահատակաց յուշարձան, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց ցեղասպանութեան նահատակներու աճիւններուն առջեւ: Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ տեղեկութիւնները փոխանցեց դեսպանին հայոց ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս հայ դատին մասին: