«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսաստան ու Թուրքիա աշխատանքներ կ’իրականացնեն իրականացնելու վիզային ռեժիմի ազատականացման ուղղութեամբ: «Արմէնպրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:
Կը նշուի, որ շուտով արհեստավարժ վարորդներու համար վիզայի չեղարկման հարցը պիտի կարգաւորուի:
Մոսկուայի մէջ կ’իրականացուի բարձր մակարդակի համագործակցութեան ռուս-թրքական խորհուրդի նիստը: Ռուսաստանի նախագահ Վլադիմիր Փութին նիստի ընթացքին իր ելոյթին մէջ նշած էր, որ ՌԴ-ի եւ Թուրքիայի միջեւ առեւտուրի ընդլայնման կրնար նպաստել այդ ոլորտին մէջ դեռ գործող սահմանափակումներու չեղարկումը: