«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ապրիլ 10-11 աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ստրասպուրկ՝ Եւրոպայի խորհուրդ: Այս մասին «Արմէնպրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ վարաչպետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն
ՀՀ վարչապետը Ապրիլ 11-ին պիտի մասնակցի Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գարնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին, ուր հանդէս պիտի գայ ելոյթով եւ պիտի պատասխանէ պատգամաւորներու հարցերուն:
Հայաստանի վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորբէօրն Եակլանտի, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լիլիան Մորի-Պասկիէի, Եւրոպայի խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճաննի Պուքիքիոյի հետ: Նիկոլ Փաշինեան եւ Թորբէօրն Եակլանտ հանդէս պիտի գան ԶԼՄ ներկայացուցիչներու համար յայտարարութեամբ:
ՀՀ վարչապետը, ԵԽ գլխաւոր քարտուղարը եւ ԵԽԽՎ նախագահը Եւրոպայի խորհուրդի կեդրոնակայանի՝ Եւրոպայի պալատի մէջ, պաշտօնապէս բացումը պիտի կատարեն «Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութիւնը» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին:
Այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ստրասպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: