«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշխատանքային այցով Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւն գտնուող՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 5-ին այցելած է Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան Յորդանան գետի ափին գտնուող վայրը:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, նախագահը շրջած է քրիստոնէական այդ սրբավայրը, գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ։ Ան նշած է, որ Յորդանանի հոգատարութիւնը նմանատիպ համաշխարհային սրբավայրի նկատմամբ քաղաքակրթութիւններու համերաշխութեան եւ երկխօսութեան լաւագոյն վկայութիւնն է։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է նաեւ Յորդանան գետի ափին կառուցուած հայկական Սուրբ Կարապետ եկեղեցի եւ մոմ վառած։