Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

«Ձօ՛ն Առ Տիրամայր»՝ Նախաձեռնութեամբ Հայ Կանանց Միջազգային Միութեան

Ապրիլ 5-ին Կոմիտասի անուան հիմնարկ-թանգարանին մէջ Հայ կանանց միջազգային միութեան (AIWA) նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Մայրութեան եւ գեղեցկութեան օրուան նուիրուած «Ձօ՛ն առ Տիրամայր»  ձեռնարկը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ երաժշտանոցի փրոֆեսոր, AIWA-ի մշակութային յանձնաժողովի նախագահ Համասփիւռ Մանուկեան։

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի տնօրէն Ճորճ Բարսեղեան, որ գնահատելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հիմնադիր նախարար Հրանուշ Յակոբեանի տարած աշխատանքը եւ նկատի առնելով, որ իրենց կեդրոնը հիմնադրուած է վերջինիս նախաձեռնութեամբ՝ տիկին Հրանուշ Յակոբեանը հռչակեց Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնի պատուաւոր նախագահ։

Արուեստաբան Սէյրանուշ  Մանուկեան սահիկներով ներկայացուց Տիրամօր պատկերագրութիւնը  յատկապէս միջնադարեան  արուեստի մէջ: Լուսապատկերներու միջոցով դասախօսը ներկայացուց Տիրամօր պատկերներու զարգացման ընթացքը, գունային փոփոխութիւնները, ըստ երկիրներու, ժամանակաշրջաններու՝ նկարիչներու տեսլականները, մօտեցումները, մեկնաբանութիւնները: Դասախօսութիւնը կ’ընդհատուէր «Աւէ Մարիա», «Ձօ՛ն առ Տիրամայր» երաժշտական կատարումներով: Իրենց վարպետութեամբ հանդիսատեսը հիացուցին  դասական երաժշտութեան վարպետներ,  ՀՀ վաստակաւոր արտիստ Լիլիթ Գրիգորեան եւ Գալինա Ցոլակեան, դաշնամուրով կը նուագակցէր  Էլենա Վարդանեան:

Նարեկացիի Տիրամօրը նուիրուած բանաստեղծութիւնը ներկայացուց  արուեստաբանութեան թեկնածու Սուսաննա Դաւթեան:

Իրենց անզուգական կատարումներով, մօր նուիրուած հիանալի գործերով եւ կոմիտասեան երգերու ներկայացումով հանդիսութեան մասնակիցներուն ջերմութիւն եւ սէր հաղորդեցին «Ծաղկազարդ» երգեցիկ խումբի երգչուհիները:

Ձեռնարկի աւարտին, Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօնի առիթով  շնորհաւորանքի եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ կանանց միջազգային միութեան նախագահ Հրանուշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշեց հայ մօր, հայ կնոջ դերակատարութիւնը Հայոց պատմութեան հոլովոյթին մէջ, ինչպէս նաեւ ընդգծեց  անոր ընտանիքին, հասարակութեան եւ հայրենիքին անսահման նուիրումը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին