«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի 20 նահանգներու իշխանութիւնները դատական հայց ներկայացուցած են նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմին դէմ: Պատճառը Մեքսիքոյի սահմանին պատի կառուցումն է: «Արմէնփրես»–ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը տեղեկացնէ «Ինթերֆաքս»-ը:
Դատական հայցով նահանգները կը պահանջեն «արգելակել նախագահի վարչակազմի անօրինական փորձը» պիւտճէէն 1.6 միլիառ տոլար ուղղելու հարաւային սահմանին պատ կառուցելու գործընթացին: Բացի այդ՝ նահանգներու իշխանութիւնները մտահոգութիւն կը յայտնեն պատի կառուցումի նախագիծը իրագործելու պարագային շրջակայ միջավայրին հասնելիք հաւանական վնասի տեսակէտէն: