«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Իրաքի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցը եզրափակեց շարք մը հանդիպումներով:
Այս մասին կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Նշենք, որ Պըրրի Իրաքի Հանրապետութիւն ժամանած էր իրաքցի գործընկերոջը՝ Մուհամմատ Ալ-Հալպուսիի հրաւէրով:
Իրաքի «Ազգային առանցք» խորհրդարանական դաշինքի նախագահ Ահմատ Ալ-Ժուպուրի Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք մասնաւորաբար ընդգծեց խորհրդարանի նախագահի՝ Պաղտատ այցելութեան նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը՝ համոզում յայտնելով, որ վերջինս դրական անդրադարձ պիտի ունենայ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ:
Պըրրի Լիբանան-Իրաք յարաբերութիւնները քննարկեց նաեւ Իրաքի նախկին վարչապետ Այատ Ալլայուիի հետ, որ ներկայիս կը զբաղեցնէ «Ազգային շարժում» խորհրդարանական դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:
Ան գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի որդեգրած դիրքորոշումը Իսրայէլի նկատմամբ՝ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային այլ հանդիպումներ կ’ունենան Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ:






