Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Մեյը Եւրամիութենէն Խնդրած Է Brexit-ը Յետաձգել Մինչեւ Յունիս 30

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մեյը Եւրամիութենէն խնդրած է ԵՄ-էն Թագաւորութեան դուրս գալը յետաձգել մինչեւ Յունիս 30: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է Բրիտանիոյ նախարարներու խորհուրդի ղեկավարի նամակին մէջ, որ Ապրիլ 5-ին ուղարկուած է Եւրախորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքին եւ զետեղուած է կառավարական տեղեկատուութեան կայքին մէջ:
«Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կ’առաջարկէ, որ (ԵՄ-ի մասին Լիզպոնի պայմանագրի 50-րդ յօդուածի ծիրէն ներս բանակցութիւններու) այդ ժամանակաշրջանը յետաձգուի մինչեւ 2019 թուականի Յունիս 30»,– կը նշուի նամակին մէջ:
Համայնքներու պալատի պատգամաւորները Մարտ 29-ին երրորդ անգամ մերժած են այն գործարքի նախագիծը, որուն շուրջ Մեյը աւելի կանուխ համաձայնած էր Եւրոպայի ղեկավարներուն հետ: Այդպիսով բրիտանական խորհրդարանը չէ կատարած Եւրամիութեան պայմանը, որ համաձայնած էր Brexit-ը յետաձգել մինչեւ Մայիս 22, եթէ Համայնքներու պալատը անցած շաբաթ հաւանութիւն տար գործարքին: 
Այժմ, ԵՄ-ի երկիրներու նախորդ գագաթնաժողովի որոշումին համապատասխան, Լոնտոնը մինչեւ Ապրիլ 12 պէտք է դուրս գայ հանրակցութենէն առանց գործարքի, եթէ Պրիւքսելին չներկայացնէ Brexit-ը իրականացնելու այլընտրական տարբերակներ: Եւրամիութեան արտակարգ գագաթնաժողովը, ուր պիտի քննարկուի Brexit-ը, ծրագրուած է Ապրիլ 10-ին, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին