Երկուշաբթի, 23. 02. 2026

spot_img

Պըրրի Իրաք Պաշտօնական Այցը Եզրափակեց Շարք Մը Հանդիպումներով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Իրաքի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցը եզրափակեց շարք մը հանդիպումներով:
Այս մասին կը տեղեկանանք խորհրդարանի նախագահի տեղեկատուական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութենէն:
Նշենք, որ Պըրրի Իրաքի Հանրապետութիւն ժամանած էր իրաքցի գործընկերոջը՝ Մուհամմատ Ալ-Հալպուսիի հրաւէրով:
Իրաքի «Ազգային առանցք» խորհրդարանական դաշինքի նախագահ Ահմատ Ալ-Ժուպուրի Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք մասնաւորաբար ընդգծեց խորհրդարանի նախագահի՝ Պաղտատ այցելութեան նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը՝ համոզում յայտնելով, որ վերջինս դրական անդրադարձ պիտի ունենայ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ:
Պըրրի Լիբանան-Իրաք յարաբերութիւնները քննարկեց նաեւ Իրաքի նախկին վարչապետ Այատ Ալլայուիի հետ, որ ներկայիս կը զբաղեցնէ «Ազգային շարժում» խորհրդարանական դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը:
Ան գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի որդեգրած դիրքորոշումը Իսրայէլի նկատմամբ՝ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային այլ հանդիպումներ կ’ունենան Իրաքի եւ Լիբանանի մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին