«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մեյը Եւրամիութենէն խնդրած է ԵՄ-էն Թագաւորութեան դուրս գալը յետաձգել մինչեւ Յունիս 30: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, ըսուած է Բրիտանիոյ նախարարներու խորհուրդի ղեկավարի նամակին մէջ, որ Ապրիլ 5-ին ուղարկուած է Եւրախորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքին եւ զետեղուած է կառավարական տեղեկատուութեան կայքին մէջ:
«Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կ’առաջարկէ, որ (ԵՄ-ի մասին Լիզպոնի պայմանագրի 50-րդ յօդուածի ծիրէն ներս բանակցութիւններու) այդ ժամանակաշրջանը յետաձգուի մինչեւ 2019 թուականի Յունիս 30»,– կը նշուի նամակին մէջ:
Համայնքներու պալատի պատգամաւորները Մարտ 29-ին երրորդ անգամ մերժած են այն գործարքի նախագիծը, որուն շուրջ Մեյը աւելի կանուխ համաձայնած էր Եւրոպայի ղեկավարներուն հետ: Այդպիսով բրիտանական խորհրդարանը չէ կատարած Եւրամիութեան պայմանը, որ համաձայնած էր Brexit-ը յետաձգել մինչեւ Մայիս 22, եթէ Համայնքներու պալատը անցած շաբաթ հաւանութիւն տար գործարքին:
Այժմ, ԵՄ-ի երկիրներու նախորդ գագաթնաժողովի որոշումին համապատասխան, Լոնտոնը մինչեւ Ապրիլ 12 պէտք է դուրս գայ հանրակցութենէն առանց գործարքի, եթէ Պրիւքսելին չներկայացնէ Brexit-ը իրականացնելու այլընտրական տարբերակներ: Եւրամիութեան արտակարգ գագաթնաժողովը, ուր պիտի քննարկուի Brexit-ը, ծրագրուած է Ապրիլ 10-ին, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:






