Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Արարատ Միրզոյեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Կը Մեկնի Քաթարի Պետութիւն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Ապրիլ 6-ին քառօրեայ պաշտօնական այցով կը մեկնի Քաթարի Պետութիւն՝ մասնակցելու Միջխորհրդարանական միութեան 140-րդ վեհաժողովի աշխատանքներուն:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԺ-ի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն, խորհրդարանի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ են ԱԺ տարածաշրջանային եւ եւրասիական համարկումի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Միքայէլ Մելքումեանը, ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Աննա Կարապետեանը, ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը, ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, ԱԺ պատգամաւորներ Սրբուհի Գրիգորեանը, Արման Բոշեանը, Շաքէ Իսայեանը եւ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավար-գլխաւոր քարտուղար Տիգրան Գալստեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին