«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթընի մէջ Չինաստանի հետ առեւտրական տարաձայնութիւններու շուրջ բանակցութիւններուն կարելի եղած է յառաջընթացի հասնիլ, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
«Մենք մօտ ենք գործարք կնքելու: Սա չի նշանակեր, թէ գործարքը արդէն գոյութիւն ունի, բայց մենք, անտարակոյս, անոր շատ աւելի մօտեցած ենք»,– ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Ան նշած է. «Կը կարծեմ, թէ յաջորդ չորս շաբթուան ընթացքին հաւանական է, որ ինչ-որ կարեւոր բանի մասին յայտարարութիւն կատարուի»: ՉԺՀ-ի նախագահ Շի Ճինփինկ նոյնպէս կը կարծէ, որ բանակցութիւններուն յաջողած են լրջօրէն յառաջ շարժիլ ԱՄՆ-ի հետ առեւտրական համաձայանագրի պատրաստութեան ուղղութեամբ: «ՉԺՀ-ի նախագահ Շի Ճինփինկ ամերիկացի պաշտօնակիցին յղած ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ չին-ամերիկեան առեւտրատնտեսական համաձայնագրի պատրաստութեան էական յառաջընթաց ձեռք բերուած է»,– նշած է «Սինհուա» գործակալութիւնը: Չինաստանի ղեկավարի բանաւոր ուղերձը Տոնալտ Թրամփի հետ կայացած հանդիպումին փոխանցած է ՉԺՀ-ի Պետական խորհուրդի փոխվարչապետ Լիւ Հեն, որ բանակցութիւններուն կը գլխաւորէ Չինաստանի պատուիրակութիւնը: Ան նոյնպէս նշած է ձեռք բերուած յառաջընթացը, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը: