ԵՐԲ ԲԵՄԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Սրտի խօսք՝ Զարմինէ Պօղոսեանէն
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, 2019 Մարտ 23-ին երրորդ անգամ ըլլալով Մեծն Նիւ Եորքի թատերասէրները հանդիսատեսը եղան Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի «Վլադիմիր Քոչարեան» թատերախումբին «Չարլիին մօրաքոյրը» կատագերգութեան հայերէն ներկայացմանը, այս անգամ՝ Նիւ Ճըրզիի Մահուա երկրորդական վարժարանի թատերական սրահին մէջ:
Թատերախաղ մը, որ առաջին անգամ բեմադրուած է հեղինակին՝ անգլիացի գրող Պրէնտըն Թոմասի մասնակցութեամբ՝ 1892-ին, Լոնտոնի մէջ, ապա ամենուրեք համաշխարհային բեմերէն եւ բազմազան լեզուներով հանդիսատեսներ գրաւած է իր տարբերակներովը, նոյնիսկ ֆիլմի վերածուած է:
Հայրենի վաստակաշատ դերասանուհի, թատրոնի դասախօս եւ անցնող քսանհինգ տարիէ «Սփիւռքի ձայն» հեռատեսիլի տնօրէնուհի՝ Կարինէ Քոչարեանին բեմադրութեամբը, այս կատակերգութիւնը վերջերս երեք անգամ բեմ ելաւ Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի հանդիսատեսին համար, արժանանալով բացառիկ ընդունելութեան:
Չորս փորձառու դերասաններուն կողքին վեց ամերիկահայ պարման-պարմանուհիներ հայերէն խօսեցան բեմին վրայ երկու արարնոց այս կատակերգութեան ընթացքին: Անոնք էին. Չարլի՝ Վիգէն Մանճիկեան, Ճէք՝ Արամ Յովսէփեան, Պրասէթ՝ Կարէն Սբէնճեան, Էյմի՝ Լինտա Ռավուլ, Քրիստին՝ Միլենա Խաչատրեան, Էլլա՝ Վանի Ափանոսեան:
Այս երկու եւ կէս ժամնոց բեմականացումին վրայ պէտք է աւելցնել անհամար ժամերով փորձերու, դերասանական վարպետութեան, առոգանութեան եւ ճշգրիտ շեշտադրութեան դասընթացքներու շարքը, որ բեմադրիչ Կարինէ Քոչարեանի համբերատար եւ հմուտ ցուցմունքներով կարելի դարձած էր բնաւ զգացնել չտալու հանդիսատեսին, թէ այս երիտասարդներէն ոմանք նոյնիսկ հայերէն գրել-կարդալ չէին գիտեր եւ առաջին անգամն է որ բեմ կը բարձրանային:
Մասնագիտութեամբ ոչ արհեստավարժ դերասաններ ըլլալով հանդերձ, այնքան բնական էին իրենց կերպարներուն մէջ, որ անբռնազբօսիկ սահանքով տիրեցին բեմին, եւ վարագոյրը բացուելուն պէս ամբողջապէս կլանեցին հանդիսատեսին:
Անշուշտ, երիտասարդներուն կողքին համոզիչ կերպարներով հանդէս
եկան տարիներու փորձառութիւն ունեցող եւ համայնքին ծանօթ դերասաններէն Միսաք Պօղոսեանը, Լուսին Ճըրճըրեանը, Աշոտ Սբէնճեանը եւ Յարութիւն
Թագւորեանը։
Յարութին վստահուած էր Չարլիին մօրաքրոջ խրթին եւ պատասխանատու դերը: Այս զաւեշտական կերպարը, որ աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ ներկայացուցած են բազմաթիւ մեծանուն դերասաններ, Յարութիւն Թագւորեանը կատարեց դերասանական մեծ վարպետութեամբ, երգելու-պարելու շնորհներով, ան կրցաւ մէկ կերպարէն միւսին փոխադրուիլ հիանալի ճկունութեամբ, լիաթոք ծիծաղ պատճառելով հանդիսատեսին ամբողջ ներկայացման ընթացքին:
Աւելի քան հինգ տասնամեակէ ծննդավայր Հալէպէն սկսեալ, սիրողաբար բեմին նուիրուած Միսաք Պօղոսեան ծեր հօր իր կերպարով, որ իր դրամապաշտութեան պատճառով յայտնուած էր ծիծաղելի կացութեան մէջ, մէկ անգամ եւս փայլեցաւ իր դերասանական վարպետութեամբ. երկու սիրահար պարմանուհիներուն հայր եւ խնամակալի հանգամանքով ան նոյնիսկ կրցաւ համոզել հանդիսատեսը, թէ հակառակ յառաջացած տարիքին սիրող սիրտը կրնայ վերստին խանդավառուիլ ե՛ւ… հիասթափուիլ միաժամանակ:
Գլխաւոր դերերէն մէկը` պաշտօնաթող զինուորականի կերպարը եւ անհաշիւ ծախսող համալսարանական ուսանող Ճէքին հայրը այս ներկայացման մէջ, մարմնաւորեց Աշոտ Սբենճեանը, ինքնատիպ, զաւեշտական լրջութեամբ վառ երանգ տալով բեմադրութեան:
Լուսին Ժամկոչեան Ճըրճըրեանը Երեւանի թատերականէն վկայեալ, այս համայնքէն ներս տասնամեակներէ ի վեր ունեցած իր բեմադրութիւններով եւ արհեստավարժ թատերական փորձառութեամբ, ոչ միայն փայլուն կերպով
ներկայացուց Պրազիլէն ժամանած նազելաշուք միլիոնատիրուհիի` Չարլիին իրական մօրաքրոջ դերը, այլ նաեւ՝ իր ճաշակաւոր մասնագէտի ներդրումը ունեցած էր բեմի եւ յատկապէս տարազներու ձեւաւորման աշխատանքին մանրակրկիտ եւ բծախնդիր աշխատանքով: Նոյն գնահատականը երախտագիտութեամբ հաստատեց Բեմադրիչ Կարինէ Քոչարեանը շեշտելով թէ՝ «Առանց Լուսինի օգնութեան այս բեմադրութիւնը չէր իրականանար»…
Կարելի չէ մոռնալ նաեւ քուլիսային, ինչպէս միշտ կը սիրենք կրկնել՝ «վարագոյրի ետին» աշխատողներու խումբը: Բոլորն ալ շնորհաւորելի են իրենց հոգատարութեամբ։ Սկսեալ յայտարարութենէն, Ճաշակով պատրաստուած յայտագիր գրքոյկէն, որ գործն էր արուեստագէտ Մարի Չորպաճեանին:
Բեմի եւ կազմակերպչական յանձնախումբի օգնականներն էին. Օնելիա Սբէնճեան, Հայկուհի Մկրեան, Քէթրին Ֆարաճեան, Մէկի Հաճճար, Մարգարիտ Ղազարեան, Յասմիկ Կիրակոսեան, Սանտրա Փիլաւճեան: Անհրաժեշտ է յիշել նաեւ թէ փորձերու համար դերասանական կազմը տեղէ տեղ կը ճամբորդէր մղոններ կտրելով Նիւ Եորքէն Նիւ Ճըրզի-մէկ կեդրոնէն միւսը:
Ամիսներու ընթացքին կատարուող բոլոր այս «յոգնութիւնները» մոռացութեան մատնուեցան յաջողութեամբ պսակուող այս ներկայացումներէն ետք: Մանաւանդ՝
դատելով հանդիսատեսի ընդունելութենէն եւ ներկաներուն մէջ տեսնելով երկրորդ, նոյնիսկ երրո՛րդ անգամ ներկայ եղողներ, ականջալուր ըլլալով անոնց խանդավառ ծիծաղներուն:
Այս բոլորին հետ եւ աւելին՝ ամէնէն խրախուսական երեւոյթն ալ այն էր, թէ այս համալսարանական երիտասարդները ժամերով իրենց հայերէնը «կը մարզէին» հայ բեմին վրայ: Կը յուսանք որ վարակիչ կը դառնայ այլ համայնքներէն ներս – ի պատիւ Մեսրոպեանին:
Վստահաբար կրնանք շեշտել, թէ «Չարլիին մօրաքոյրը» դեռ երկար կեանք կրնայ ունենալ, հիւրախաղերով շրջելու հայաշատ համայնքներու մէջ, ելոյթ ունենալով զանազան բեմերու վրայ եւ գեղագիտական հաճոյք պատճառելով հայ հանդիսատեսին:
27 Մարտ 2019