«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 5-ին աշխատանքային այցով կը մեկնի Յորդանանի Հաշիմեան Թագաւորութիւն: Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Ապրիլ 5 – 7 տեղի կ’ունենայ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի՝ Մերձաւոր Արեւելքին եւ Հիւսիսային Ափրիկէին նուիրուած հանդիպումը, որուն նախագահ Արմէն Սարգսեան հրաւիրուած է որպէս բանախօս:
Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի հանդիպումը կազմակերպուած է Յորդանանի Թագաւորութեան թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդ Ըպն Ալ-Հուսեյն Ալ-Հաշիմի եւ թագուհի Ռանիա Ալ-Ապտալլահի աջակցութեամբ եւ անոնց բարձր հովանիին ներքոյ: Ներկայ պիտի ըլլան տարբեր երկիրներու պետական, գործարար ու քաղաքացիական շրջանակը ներկայացնող աւելի քան 1000 առաջնորդներ, որոնք պիտի քննարկեն այն մարտահրաւէրները, որոնց կ’առերեսուի տարածաշրջանը: Մասնաւորապէս, հանդիպումին մասնակիցները պիտի խօսին ուժաբանութեան անվտանգութեան, մաքուր եւ վերականգնուող ուժանիւթի աղբիւրներու կիրառումի, կառավարման համակարգերու անվտանգութեան եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ:
Հայաստանի նախագահը պիտի հանդիպի նաեւ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի հիմնադիր եւ գործադիր նախագահ, յայտնի տնտեսագէտ Քլաուս Շուապի հետ: Արմէն Սարգսեան համաժողովի երկարամեայ մասնակիցներէն է եւ Քլաուս Շուապի հետ վաղեմի բարեկամութիւն ունի:
Յորդանան կատարած այցին նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպումներ կ’ունենայ երկրի բարձրագոյն ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ գործարար շրջանակի եւ տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:






