Շաբաթ, 14. 03. 2026

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Կ’իրականացնէ Գիւղատնտեսական Գործունէութիւնը Խթանող Ծրագիրներ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ կառավարութեան՝ Ապրիլ 4-ի նիստը վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, կառավարութիւնը հաստատած է փոքր եւ միջին «խելացի» անասնաշէնքեր կառուցելու կամ վերակառուցելու եւ անոնց արհեստագիտական ապահովման պետական աջակցութեան ծրագիրը, ինչը կը նպաստէ անասնաբուծութեան, մասնաւորապէս տաւարաբուծութեան ճիւղի զարգացումին: Հիմնաւորումին համաձայն՝ տաւարաբուծութիւնը Հայաստանի անասնաբուծութեան ոլորտի յառաջատար ճիւղերէն է: Ծրագրի շնորհիւ կը զարգանան Հանրապետութեան մէջ փոքր եւ միջին տաւարաբուծական տնտեսութիւնները. կը կառուցուի կամ կը վերակառուցուի շուրջ 230 անասնաշէնք, կը ներդրուին տաւարաբուծութեան արդիական արհեստագիտութիւններ: Բարենպաստ պայմաններու շնորհիւ կը բարձրանայ մէկ գլուխ կովի հաշուով կաթնատուութեան մակարդակը մինչեւ 3500-4000 քկ, կ’աւելնայ անասնագլխաքանակը, կ’իջնէ կաթի ինքնարժէքը, կ’աւելնան արտադրութեան ծաւալները, կը բարելաւուին կաթի որակական յատկանիշները, կ’աւելնան տնտեսվարողներու եկամուտները, կը բարձրանայ մրցունակութեան մակարդակը, կը բարձրանան տնտեսվարողներու մասնագիտական կարողութիւնները: Ստեղծուած տնտեսութիւնները կրնան օրինակ ծառայել ագարակատէրերու լայն շերտերուն համար տաւարաբուծութեան արդի մօտեցումներուն ծանօթանալու առումով, ինչպէս նաեւ ուսումնական կայան՝ ուսանողներուն համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին