Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ֆութպոլիստները 6-րդ տարին անընդմէջ դարձան ՔԱՀԱՄ-ի խաղերու ընդհանուր ախոյեան

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, Մարտ 24-ին տեղի ունեցաւ ՔԱՀԱՄ-ի (հայկական վարժարաններու միջեւ մարզական մրցումներու) 35-րդ մրցաշրջանի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը Սան Ֆերնանտօ հովիտի Պիրմինկհէմ վարժարանին մէջ, ուր մետալներու եւ բաժակներու տիրացան յաղթական մարզիկներն ու խումբերը։

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աղջիկներն ու տղաքը տարբեր մարզաձեւերու (ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ-փոնկ, թեթեւ աթլեթիքա, ճատրակ), տարիքային տարբեր խումբերու մէջ գրաւեցին մրցանակային տեղեր, սակայն, ֆութպոլի (սոքըր) պարագային, անոնք 6-րդ տարին անընդմէջ չախչախեցին բոլոր մրցակիցները եւ 3-րդէն 8-րդ դասարանի խումբերը տիրացան երեք ոսկի, երեք արծաթ եւ մէկ պրոնզ մետալներու եւ բաժակներու։

Կը շնորհաւորենք դպրոցին Մարզական բաժանմունքի վարիչ՝ մարզիչ Սուրէն Արզումանեանը այս բացառիկ յաջողութեան համար։ Կը շնորհաւորենք նաեւ ֆութպոլի (սոքըր) գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Հեքիմեանը, ինչպէս նաեւ մարզիչներ Ալեք Հանթըրը, Մարտիկ Միրիքեանը, Ռոպերթ Զաքարեանը, Սեւակ Գէորգեանը եւ Արմէն Գանգապապեանը։ Յատկանշական է, որ վերջին երեք մարզիչները մեր վարժարանի նախկին աշակերտներ են, որոնք այսօր որպէս մարզիչ վերադարձած են դպրոց։

Փակման արարողութեան ներկայ էին մեծ թիւով աշակերտներ, ծնողներ, մարզիչներ եւ ազնուափայլ տնօրէնուհի Տիկ. Արփի Աւանէսեանը։

***

Նոյնպէս, կրթական այս տարեշրջանին 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու ֆութպոլի խումբերը բացառիկ խաղարկութեամբ նուաճեցին Սան Ֆերնանտօ հովիտի սեփական վարժարաններու ախոյեանութեան տիտղոսը, տիրանալով ոսկի մետալներու։

Անգամ մը եւս կը շնորհաւորենք մեր մարզիկները, մաղթելով նորանոր նուաճումներ։

***

Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Մարզական բաժանմունքը կազմակերպած է ֆութպոլի (սոքըր) բարեկամական մրցաշարք մը նախկին շրջանաւարտներուն համար, որ պիտի սկսի Շաբաթ, 13 Ապրիլ 2019-ին, ժամը 11։00-էն սկսեալ, վարժարանիս պատկանող Վիքթըրի մարզադաշտին վրայ (17400 Victory Blvd., Van Nuys, CA 91406)։ Հետաքրքրուողները կրնան դիմել վարժարանիս քարտուղարութեան (Հեռ. 818-883-2428)։

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին