ՄԱՅՔ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Երկարատեւ սպասումէ եւ քաղաքական բազմատեսակ սակարկումներէ ետք, ի վերջոյ, Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մէջ իր արժանի տեղը գրաւեց տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան:
Լիբանանի Օսմանեան 1912 – 1915 վերջին կառավարիչ Յովհաննէս փաշա Գույումճեանի շառաւիղը իր կեանքի երիտասարդ տարիները նուիրաբերած է լիբանանեան հայրենիքի պաշտպանութեան, ինքնութեան պահպանման մարզերուն՝ Լիբանանեան ուժերու շարքին, որպէս վկայեալ եւ հմուտ ատամնաբոյժ Օհայօ նահանգին մէջ: Իր ընկերային ծառայութիւնը շարունակած է՝ նպաստելով նաեւ հայ-լիբանանեան, ինչպէս նաեւ ամերիկեան ու լիբանանեան բարեկարգութեան եւ զարգացման մարզին: Բազմաթիւ առիթներով իր բեղուն նպաստը բերած է շատ մը բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ այլն:
Անմոռանալի է երկու տարի առաջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կեդրոնատեղի Մաարապի մէջ իր ճառը Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի պատմական հանդիսութեան ընթացքին: Ռիչըրտ Գույումճեան հրապարակաւ ժխտեց այն չարանենգ բամբասանքները, ըստ որոնց՝ հայերը մասնակցութիւն չեն բերած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին՝ ի պաշտպանութիւն արդարութեան եւ քրիստոնէական դարաւոր գոյութեան պայքարին:
Մենք՝ հայերս, այսօր ալ հոս ենք եւ գոյութիւն ունինք Լիբանանի մէջ դարերէ ի վեր: Այսպէս կոչեց մեզ մեծն Յովհաննէս փաշա Գույումճեանի 21-րդ դարու սերունդի ներկայացուցիչը:
Լիբանանի նորանշանակ նախարար Ռիչըրտ Գույումճեանի ներկայութիւնը երկրի կառավարման համակարգին մէջ, նոր յոյսեր կը ներշնչէ, որ այս «երկիր դրախտավայր»-ը եղած է, կայ ու պիտի գոյատեւէ իր ամբողջ բազմաչարչար ժողովուրդի արժանի զաւակներուն ջանքերով եւ պայքարով, որուն անբաժան մասնիկը Լիբանանի հայերն են ու անոնց երախտաւոր զաւակը՝ նախարար Ռիչըրտ Գույումճեանը:






