«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապրիլ 4-ին հանդիպած է Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մշտական կոմիտէի նախագահի տեղակալ տիկին Շեն Եուեյուէի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ողջունելով հիւրերը՝ նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստանը եւ Չինաստանը հնագոյն պետութիւններ են, որոնց միջեւ գործակցութիւնը դարերու պատմութիւն ունի եւ կու գայ է դեռ Մետաքսի ճանապարհի գոյութեան ժամանակներէն: Ան կարեւորած է արդէն 21-րդ դարուն այդ գործակցութեան զարգացումը Չինաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ իրականացուող «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախագիծի ծիրէն ներս: «Ժամանակն է, որ Հայաստանը նոր Մետաքսի ճանապարհի մաս կազմի»,– ըսած է նախագահ Արմէն Սարգսեան:
ՉԺՀ Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մշտական կոմիտէի նախագահի տեղակալ Շեն Եուեյուէն կարեւորած է Հայաստանի հետ ունեցած բարեկամական յարաբերութիւնները՝ խօսելով առկայ գործակցութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան մասին:
Զրուցակիցները ընդգծած են, թէ Հայաստանի ու Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, երկկողմ կապերու ամրապնդման մեծ ներուժ կայ, որ պէտք է կեանքի կոչել: Անոնք մասնաւորապէս կարեւորած են գործակցութեան ընդլայնումը ենթակառուցուածքներու զարգացման, հանքարդիւնաբերութեան, շրջակայ միջավայրի պահպանութեան եւ զբօսաշրջութեան, բարձր արհեստագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ:






