Չորեքշաբթի, 11. 03. 2026

spot_img

Ազգային Ժողովի Շէնքին Մէջ Հրդեհ Բռնկած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ապրիլ 4-ին, ժամը 01:38-ին Ազգային Ժողովի շէնքի 1-ին յարկին վրայ հրդեհ բռնկած է ։ Հրդեհը մարելու համար դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ Փրկարարական ծառայութեան հրշէջ-փրկարարներ։

Պարզուած է, որ հրդեհը բռնկած է Բաղրամեան 19 հասցէին մէջ գտնուող Ազգային ժողովի 1-ին մասնաշէնքի 1-ին յարկին վրայ` «ԱԺ շէնքերու բարեկարգման եւ սպասարկման բաժին»-ին պատկանող թիւ 139 աշխատասենեակին մէջ: Հրդեհը մարած են` 02:05-ին:

Բաժնի պետի տեղակալ Վ.Բ.-ին պատկանող աշխատասենեակին մէջ (18 քմ) ամբողջութեամբ այրած է գրասենեակային գոյքը (1 սառնարան, 1 գրասեղան, 1 ամսագրային սեղան, 4 աթոռ, 1 բազմոց, 1 պահարան, 1 պատուհան եւ 2 համակարգիչ): Պատահարի հետեւանքով տուժածներ չկան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին