«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Ալեքսանդր Զասիփքին Պքերքէի պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռայի հետ:
Ինչպէս կը տեղեկանանք ազգային լրատուական գործակալութեան հրապարակած հաղորդագրութենէն, հանդիպումին դեսպան Զասիփքին յայտնեց, որ Սուրիա վերադարձած գաղթականներէն ոչ մէկ բողոք ստացած են:
Զրուցակիցները նաեւ քննարկեցին նախագահ Միշէլ Աունի՝ Մուսկուա պաշտօնական այցի արդիւնքները:
«Լիբանանի եւ Ռուսիոյ տեսակէտները կը համընկնին սուրիացի գաղթականութեան ներգաղթին շուրջ»,– գործակալութիւնը մէջբերած է Զասիփքինի խօսքը: