Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Նիկոլ Փաշինեան Եռաբլուրի Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Ապրիլեան Պատերազմին Զոհուած Հերոսներու Յիշատակին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարար Միրզոյեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ Ապրիլ 2-ին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ անձնուիրաբար զոհուած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած անոնց շիրիմներուն:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ մատուցուած  է հոգեհանգստի արարողութիւն:

Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան ծաղիկներ խոնարհած են նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրահրամանատար, պետական գործիչ Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն: Ծաղկեպասակ դրուած է նաեւ Անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին