«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ կը նախատեսեն քննարկել «Ռուսիոյ կողմէ բոլոր սպառնալիքները»: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը՝ վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի»-ն, այդ մասին նշած է պետական քարտուղարութեան մօտ աղբիւրը:
Գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու ԱԳ նախարարներուն հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Ապրիլ 3 – 4 ԱՄՆ-ի մէջ:
Ինչպէս կ’ընդգծուի, բանակցութիւններուն կողմերը կը քննարկեն Սոլսպերիի միջադէպը, Ղրիմի Քերչի նեղուցի իրավիճակը:
Աւելի կանուխ տեղեկացուած էր, որ այդ հանդիպումին պիտի քննարկուի Սեւ ծովուն վրայ ռազմական ներկայութիւնը: