Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Մուֆթի Շեյխը Կը Կարեւորէ Լիբանանի Քաղաքական Գործիչներու Միասնականութիւնը՝ Ի Կատարումն Խոստացուած Բարեփոխումներու

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մուֆթի շեյխ Ապտըլ Լաթիֆ Տըրիան նախազգուշացուց պառակտիչ հռետորութենէն՝ ընդգծելով Լիբանանի քաղաքական գործիչներու համերաշխութեան եւ միասնականութեան հրամայականը՝ ի խնդիր կաշառակերութեան եւ այլ մարտահրաւէրներու հանգուցալուծումին:
«Ինչպէ՞ս կարելի է բարեփոխում կատարել մեղադրանքներու, վիրաւորանքներու եւ վրէժխնդրութեան մթնոլորտի մէջ,– ըսաւ շեյխ Տըրիան հեռարձակուող ուղերձի ժամանակ եւ աւելցուց:– Լիբանանցի ժողովուրդը պարտի կողք-կողքի կանգնիլ եւ վստահութիւն տածել կառավարութեան նկատմամբ՝ ի կատարումն խոստացուած տնտեսական բարեփոխումներու՝ արմատախիլ ընելով կաշառակերութիւնը պետական կարգ մը կառոյցներէն»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին