Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Բրիտանացի Պատգամաւորները Դարձեալ Մերժեցին Brexit-ին Վերաբերող Բոլոր Այլընտրական Գործարքները

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու պալատի պատգամաւորները դարձեալ մերժած են Brexit-ի պայմաններուն շուրջ Եւրամիութեան հետ համաձայնագիրի՝ հաւանութիւն չստացած նախագիծի բոլոր այլընտրանքները: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնի դարձած է չորս առաջարկներու շուրջ քուէարկութեան արդիւնքներու յայտարարութենէն ետք:

Ընդամէնը մի քանի քուէ չէ բաւականացուցած կառավարող Պահպանողական կուսակցութենէն պատգամաւոր Քենեթ Քլարքի առաջարկը, որուն հաւանութիւն տուած է 273 պատգամաւոր, դէմ հանդէս եկած է 276 ժողովրդական ընտրեալ: Այդ նախաձեռնութիւնը նախարարներու խորհուրդէն կը պահանջէր Եւրամիութեան հետ ապագայ որեւէ համաձայնագիրի մէջ կէտ ներառել «Եւրամիութեան հետ մշտական եւ համապարփակ մաքսային միութեան մասին, որ տարածուի ամբողջ Մեծն Բրիտանիոյ վրայ»:

Պահպանողական Նիք Պոուլզի առաջարկը նոյնպէս չէ գտած խորհրդարանականներու մեծամասնութեան պաշտպանութիւնը: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ Աշխատաւորական կուսակցութենէն պատգամաւորներ Ֆիլ Ուիլսոնի եւ Փիթըր Քայլի ուղղումին, որ կը նախատեսէ հանրաքուէ կազմակերպել, որուն պէտք է դրուի Պրիւքսելի հետ ձեռք բերուած որեւէ համաձայնագիրի բնագիրը: Չորրորդ տարբերակը կ’ենթադրէ, թէ պատգամաւորները կը քննարկեն այն տարբերակը, որ կառավարութենէն կը պահանջէ Brexit-ի ժամկէտներու հերթական երկարաձգում, իսկ եթէ վերջինս կարելի չըլլայ, ապա պատգամաւորները կը քուէարկեն կա՛մ առանց համաձայնագրի Brexit-ի օգտին, կա՛մ ալ Լիզպոնի պայմանագիրի 50-րդ յօդուածի գործողութեան չեղարկումի օգտին՝ Եւրամիութեան մէջ մնալու համար, հաղորդած է «ԹԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին