«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի խումբ մը աշխատակիցներ ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպումէն գոհ են: Ըստ Armenpress.am-ի՝ անոնք հանդիպման ընթացքին ներկայացուցած են իրենց անհամաձայնութիւնը Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի պաշտօնէն Կոնստանտին Օրբէլեանը զրկելու մասին որոշման վերաբերեալ:
«Այս պահուն հանդիպումէն գոհ ենք: Եկանք համաձայնութեան, որ թատրոնի տնօրէնի պարտականութիւնները ժամանակաւոր դրուին փոխտնօրէնի վրայ: Երաշխաւորուեցաւ, որ ոեւէ մէկը չի գար դուրսէն մեզի տնօրէն: Մեր ելեկտրոնային հասցէներուն պիտի ուղարկուին նախարարութեան որոշման հիմնաւորումները, մենք ալ գրաւոր պէտք է ներկայացնենք մեր հակափաստարկները: Խօսուեցաւ, որ եթէ պարզուի, որ նախարարութեան որոշման վերաբերեալ կէտերէն թէկուզ մէկը կեղծ է՝ ատոր պատասխանատուն անմիջապէս պիտի ազատուի աշխատանքէ: Կարեւոր հարց մըն ալ ըսեմ, քննարկուեցաւ այն, որ եթէ կան օրէնքի թերացումներ, ուստի պէտք է քննարկումներ իրականացուին եւ շտկեն: Կրնանք ըսել, որ մեր խնդիրին այս փուլով ականջալուր եղան: Ի դէպ, ՀՀ վարչապետը նշեց, որ Ապրիլ 4-ին, թէեւ ունի համաձայնութիւն, ամէն պարագայի պիտի փորձէ գալ եւ դիտել «Կախարդական սրինգը»: Սիրով կը սպասենք»,- ըսած է խմբավար Յարութիւն Արզումանեան:
Կառավարութեան շէնքէն դուրս ելած թատրոնի աշխատակիցները նշած են, որ ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպման ներկայ չէր ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազէնի Ղարիբեանը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազէնի Ղարիբեանի հրամանով՝ Կոնստանտին Օրբէլեանը զրկուած է Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի տնօրէնի պաշտօնէն: Թատրոնի աշխատակիցները դէմ են այդ որոշման: