«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Ինչպէս յայտնեցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ՀՀ վարչապետը ներկայացուցած է օրեր առաջ Վիեննայի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ կայացած հանդիպումը:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկած են հայ-ռուսական գործակցութեան օրակարգին վերաբերող տարբեր հարցեր: Կողմերը կարեւորած են Ապրիլ 4-ին Մոսկուայի մէջ Հայ-ռուսական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի կայանալիք հերթական նիստը եւ վերջինիս ծիրէն ներս քննարկուելիք հարցերը: Նշուած է, որ այսօր առկայ են նախադրեալներ հայ-ռուսական երկկողմ առեւտուրի ծաւալները ընդլայնելու համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ ԵԱՏՄ ծիրէն ներս գործակցութեան շուրջ: