Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութիւնը, Ի Թիւս Այլ Խոշոր Քաղաքներու, Կը Կորսնցնէ Նաեւ Սթամպուլը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –  Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ), ի թիւս այլ խոշոր քաղաքներու, Մարտ 31-ին ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն՝ կը կորսնցնէ նաեւ երկրի ամենամեծ քաղաքը՝ Սթամպուլը։

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական haberler.com-ը:

Թուրքիոյ Բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողովի (ԲԸՀ) նախագահ Սատի Կիւվենի հաղորդմամբ՝ Սթամպուլի մէջ յառաջադրուած գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (ԺՀԿ) թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլուն հաւաքած է 4 մլն 159 հազար 650, իսկ իշխող ԱԶԿ-ի թեկնածու նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմը՝ 4 մլն 131 հազար 751 ձայն:

Այսպիսով, համաձայն Թուրքիոյ ԲԸՀ նախագահի հաղորդումին, ընդդիմադիր ԺՀԿ թեկնածուն իշխող ԱԶԿ թեկնածուէն առաջ է 28 հազար ձայնով:

Մինչեւ Ապրիլ 2 ժամը 15:00 թեկնածուները իրաւունք ունին բողոքարկելու ընտրութեան արդիւնքները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին