Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Պըրրի Պաշտօնական Այցով Ժամանեց Իրաք

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Կիրակի յետմիջօրէին պաշտօնական այցով ժամանեց Իրաքի Հանրապետութիւն, ինչը, Պըրրիի խօսքով, պիտի նպաստէ Պաղտատի եւ Պէյրութի յարաբերութիւններու զարգացումին եւ ամրապնդումին:
Իրաքցի գործընկերոջ՝ Մուհամմատ Ալ Հալպուսիի հրաւէրով Իրաք ժամանած Պըրրի հանդիպում պիտի ունենայ Իրաքի շիա այաթոլլա Ալի Սիսթանի եւ շարք մը այլ պաշտօնատարներու հետ:
«Մեծապէս ուրախ եմ այստեղ գտնուելուս համար: Իսլամական պետութիւն ահաբեկչական խմբաւորումի պարտութենէն եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յաղթանակէն ետք, բարգաւաճում կը մաղթեմ բարեկամ Իրանին»,–  լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Պըրրի՝ միասնութեան կոչ ընելով Իրաքի ժողովուրդին:    

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին