ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Բերկրանքով կարդացի բանասէր, մատենագէտ, գրականագէտ հ. Մեսրոպ վրդ. Թօփալեանի (Հայունի) ակադեմական ակնարկը Գրիգոր Նարեկացիի «ՆԱՐԵԿ»-ին մասին, որ լոյս տեսաւ «Կամար» պարբերաթերթի թիւ 30-ին մէջ։
Մասնաւորաբար, այն պարբերութիւնը, որուն մէջ ան «Մատեան Ողբերգութեան՝ Նարեկ»-ը կ’որակէ հետեւեալ երեք բնորոշումներով.
Առաջին՝ «Նարեկ մարդկային հոգիին պատմութիւնն է»։
Երկրորդ՝ «Նարեկ մարդկային հոգիին ողբերգութիւնը չէ, այլ մեղքի խարանումն է»։
Երրորդ՝ «Նարեկ մարդկային հոգիին ազատագրումն է»։
Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութեան համակիր Գրիգոր Նարեկացիի «ՆԱՐԵԿ»-ին մասին այս գրեթէ ամբողջական բնորոշումը վեր հանելու համար հեղինակը ունեցած պէտք է ըլլայ առնուազն հետեւեալ երեք արժանիքները.
- «ՆԱՐԵԿ»-ի շուրջ 1125 էջերուն ընթերցանութեան պահանջած համբերատարութիւնը եւ անոր հետապնդած վախճանական նպատակը վերծանելու խորաթափանց միտքը։
- Չաղարտուած ենթագիտակցութիւն Թոնտրակեան յեղափոխութեան մասին։
3) Հաշտ մօտեցում Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութեան կամ սեփական յեղափոխական ոգի։
Եւ տակաւին, ըստ մեր համեստ կարծիքին, հայր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան մէջբերած է «ՆԱՐԵԿ»-էն եւ աշխարհաբարի վերածած Գրիգոր Նարեկացիի այս մատեանով հետապնդած բուն նպատակը, որ է՝ ասոր հրատարակութիւնը ապահովելու համար անոր յարակայութիւնը։ Բայց թէ ինչո՞ւ համար, ահա ներկայ գրութեան նպատակն է տալ այս հարցումին պատասխանը։
Մէջբերումը.
«Պատմեսցի ի յականջս ազգաց
Եւ քարոզեսցի ի լուր ժողովրդոց,
Նկարեսցի ի դրունս իմաստից
Իբր կենդանեաւք զիմս պատմեսցի,
Եւ թէպէտ վախճան ընկալայց իբր մահկանացոտ
Այլ յարակայութեամբ բանի այսր սոփերի
Գրեցայց կենդանի»։
(Բան ԶԸ, տ. 30-32)
Աշխարհաբարով՝
«Թող պատմուի սերունդներուն
Եւ քարոզուի ժողովուրդներուն,
Թող նկարուի իմացականութեան դուռներուն
Իբրեւ իմ կենդանութիւնս՝ թող պատմէ
Այնպէս, որ թէպէտ մեռնիմ իբրեւ մահկանացու
Բայց կենդանի պիտի համարուիմ
Այս գիրքին յարակայութեամբը»։
Ակնարկուած «գիրք»-ը «ՆԱՐԵԿ»-ն է։ «Նարեկ»-ը՝ ինքը Գրիգոր Նարեկացին… անոր խորհրդանշած գաղափարները, աշխարհայեացքը, փիլիսոփայութիւնը։ Իսկ ո՞րն է այդ աշխարհայեացքը, եթէ ոչ Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութիւնը, որ միջնադարու խաւարին մէջ կը պահանջէր «մարդկային հոգիին ազատագրումը» դպրական, ստրկական աստուածաբանութենէն, հիմնաքարը հանդիսանալով «Հայկական ռենեսանս»-ին, որուն համակիրն էր Գրիգոր Նարեկացի, սակայն չէր ներգրաւուած յեղափոխութեան մէջ կազմակերպչականօրէն, որովհետեւ կը գտնուէր շատ դժուարին երկընտրանքի մը առջեւ։ Պայքարի՞լ յեղափոխութեան շարքերուն մէջ, եւ իր գրականութիւնը ենթարկել հրոյ ճարակ դառնալու ճակատագրին՝ եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին ձեռամբ, որ արեան ու կրակի մէջ խեղդամահ կ՚ընէր Թոնտրակեան յեղափոխութիւնը եւ հրոյ ճարակ կը դարձնէր Թոնտրակեան ողջ գրականութիւնը, թէ՞ դուրս մնալ յեղափոխութեան շարքերէն՝ փրկելու համար «ՆԱՐԵԿ»-ը, որ Թոնտրակեան յեղափոխութեան պատգամախօսն էր։
Եւ Գրիգոր Նարեկացիի հանճարը հեռու մնաց յեղափոխական զգացական խիզախութենէն եւ կիրարկեց յեղափոխական արթնութիւնը ու փրկեց «ՆԱՐԵԿ»-ը, որուն «յարակայութեամբը» այսօր ինք եւ իր «ՆԱՐԵԿ»–ի աշխարհայեացքը կենդանի են տակաւին, թէպէտ մահկանացու մըն էր ինք:
Այս ենթահողին վրայ ժայթքած «ՆԱՐԵԿ»-ը ամբողջովին տարականոն, ինքնատիպ, անօրինակ, անկրկնելի եւ անսահմանելի, բայց միաժամանակ բազմասեռ ու բազմաբովանդակ գրական երկ մըն է, արտացոլացումը՝ իր ապրած տուայտանքին, այն բոլոր արտայայտչական միջոցներով՝ բանաստեղծութեամբ, երաժշտականութեամբ ու պատկերաւոր խօսքերով, նախանձախնդրութիւնը ունենալով ոչ թէ գեղագիտական ձեւին, այլ ամէն գնով իր պատգամը ժողովուրդին ու մարդկութեան հասցնելու խնդրին, առաջնահերթութիւնը տալով խորքին (ձեւին փոխարէն)։ Ժայթքող պատգամախօսը հոգիի ազատագրութեան՝ չի կրնար մեղմօրօր լեզու գործածել, ճիշդ այնպէս ինչպէս յեղափոխութիւնը չի կրնար թաւշեայ ըլլալ։ «ՆԱՐԵԿ»-ը յեղափոխական հանճարի մը Թոնտրակեան պոռթկումն է։
- • •
Այսպէս, երբ կարդացինք հայր Մեսրոպ վրդ. Հայունիի տուած բնորոշումները «ՆԱՐԵԿ»-ի մասին, յատկապէս երկրորդը եւ մանաւանդ երրորդը, հոգեմտաւոր խոհերու ժապաւէն մը պտտեցաւ մեր մտքի պաստառին վրայ։
Առաջին հերթին, երկրորդ բնորոշումը, թէ «ՆԱՐԵԿ» մարդկային հոգիի ողբերգութիւնը չէ, շատ կարեւոր ճշդում մըն է, որ կը վկայէ Նարեկացիի լաւատեսութիւնը մարդկային հոգիին նկատմամբ, մանաւանդ երբ ատիկա ազատագրուած է։ Այս ճշդումը անհրաժեշտ էր, քանի որ այս գլուխ-գործոցը (չեմ գիտեր՝ որո՞ւ սխալով) կոչուած է «Մատեան Ողբերգութեան»։ Արդեօ՞ք անոր խարանած շուրջ 3000 մեղքերուն ու մեղանչումներուն պատճառով։ Բայց մեղքերը քաւելի են, եւ մարդկային հոգին՝ ազատագրելի, զոր կատարած է «ՆԱՐԵԿ»։
«Ի խորոց սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ» հանդիսացող «ՆԱՐԵԿ»-ին հեղինակը, երբ համարձակօրէն կ’ըսէ, թէ մարդն ալ կրնայ աստուածանալ… ասիկա յեղափոխական մերժումն է Միջնադարու խաւարի դպրական (scholastic),– ստրկական,– աստուածաբանութեան, որ մարդկային հոգին կ’ազատագրէ այդ ստրկութենէն եւ անոր կը վերադարձնէ կենսախինդ կեանքի երջանկութիւնը, կեանքի քաղցրութիւնը եւ մոռնալու հին աշխարհի անցաւոր անիմաստ կեանքն ու արցունքի հովիտը՝ անգոյ դրախտի մը ձրի խոստումին դիմաց պարտադրելով ա՛յս աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող իրական դժոխային ենթարկուածութիւնը շահագործողական դժոխային հասարակարգերու, այլեւ գօտեպնդուելու այն նոր խօսքէն, թէ ՄԱՐԴՆ է գերագոյն արժէքը, որ կրնայ հասնիլ աստուածութեան եւ, ուրեմն, նաեւ փոխել, յեղափոխել դժոխային հասարակարգերը դրախտայինի։ Մարդկային հոգիին ազատագրումը կը նշանակէ մարդու ուղեղին անկաշկանդ աշխատանքը՝ դպրական քարացած տոկմաներու չափուած-ձեւուած կաղապարներէն դուրս գալով եւ ստեղծագործելով։
Մարդկային հոգին ուղեղին աշխատանքն է, որ եթէ աշխատի ազատօրէն, կը ստեղծագործէ եւ կաղապարուած միտքերու թափածոները չի կրկներ անընդհատ։ Հոգին, ուրեմն, մարդու ուղեղին միտք ածելն է (մտածելը)՝ աշխատանքը, մտածող ուղեղին արգասիքը, երբ ազատագրուած է կարծրատիպերէ։
«ՆԱՐԵԿ»-ի հարցադրումները Թոնտրակեան յեղափոխութեան հարցադրումներն էին, որոնք սերմերը հանդիսացան «Հայկական վերածնութեան»՝ Եւրոպայէն 3-4 դար առաջ։ Անոր երկնակամարին վրայ շողացին որպէս պսպղուն աստղեր՝ Անանիա Շիրակացին, Յովհ. Իմաստասէրը, Ներսէս Շնորհալին, Յովհ. Երզնկացին (Պլուզ), Մխիթար Գօշը, Մխիթար Հերացին, Ֆրիկը, Նահապետ Քուչակը, Թորոս Ռոսլինը եւ տասնեակ ուրիշներ, որոնց ռահվիրան էր հայոց կանխահաս Տանթէ Ալլեկիէրին՝ Գրիգոր Նարեկացին (Հայկական վերածնութեան շուրջ տեսնել ակադեմիկոս Վազգէն Չալոյեանի «Հայկական ռենեսանս» երկը, որ նախ լոյս տեսաւ Մոսկուա, ռուսերէն լեզուով, ակադ. Քոնրատի յառաջաբանով, ապա հայերէն, Երեւան, 1964)։
Թոնտրակեցիներու ղեկավարն էր Սմբատ Զարեհավանեցին Թոնտրակ գիւղէն, որուն աջակիցներէն էր Խոսրով եպս. Անձեւացին, որուն որդին էր Գրիգոր Նարեկացին, նաեւ սանը՝ նոյնպէս Թոնտրակեան Անանիա Անձեւացիի։
Թոնտրակեցիներու պաշտպանած թեզերէն էին.
- Վերադառնալ քրիստոնէութեան մաքրամաքուր սկզբնաղբիւրին եւ անեղծ կենցաղին։
- Մերժել Հին Կտակարանը։
- Յիսուս Որդի Մարդու է (Հաւանաբար ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՒ Յիսուսի պնդումը իսլամական արաբական մշակոյթին ազդեցութիւնն է։ Սակայն 2008 թուին բրիտանացի ֆիլմի բեմադրիչ Մարք Տորընֆորմի ԱՄՆ-ի մէջ ցուցադրեց իր «ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՒ» վերնագրով ֆիլմը, որուն Յիսուսը խափշիկ է, հակապատկերը՝ Արեւմուտքի ցարդ ցեղային խտրականութեամբ ներկայացուած Քրիստոսի)։
- Մերժել վերջին ահեղ դատաստանի, սկզբնական մեղքի, մկրտութեան եւ յաւերժ կոյս Մարիամի վերջէն աւելցուած հնարանքները՝ ստրկացնելու եւ սարսափեցնելու համար հաւատացեալները («Սկզբնական մեղք»-ով ստրկացնելու եւ «վերջին ահեղ դատաստան»-ով սարսափեցնելու… եւ դեռ «Սկիզբն իմաստութեան երկիւղ Տեառն է» սրբապղծութիւնը, քանի որ Սէր Աստուածը երկիւղ չի պահանջեր հաւատացեալէն։ Երկիւղ կը պահանջեն բռնատէրները)։
- Ունեցուածքի եւ իրաւունքի հաւասարութիւն բոլոր մարդոց միջեւ, ներառեալ կանանց եւ այրերուն։
- Եկեղեցին մենք ենք՝ ժողովուրդս։ Առանց մեզի եկեղեցին քարէ եւ կիրէ շինուածք մըն է, եւ սրբանկարներուն, խաչին ու եկեղեցիին պաշտամունքը կռապաշտութիւն է, իսկ մենք «ոչ եմք կռապաշտք, այլ աստուածապաշտք»:
- Մերժել եկեղեցիէն ներս հոգեւորականներու ամէն իշխանակարգ, աստիճանակարգ կամ քրիստոնէական հոգեւոր կարգ, քանի որ հոգեւոր առաջնորդութեան առաքելութիւնը քաղաքական իշխանութիւն չէ (Հին չին բարոյագէտ Լաօ Ցէ կը պատգամէր. «Առաջնորդել՝ առանց տիրապետելու»)։
- Դրախտի եւ դժոխքի վիճակները կը գտնուին այս երկրի վրայ. դրախտային՝ արդար հասարակարգերու մէջ, եւ դժոխային՝ անարդար, շահագործողական հասարակարգերու մէջ։
- Մերժել այն, թէ Քրիստոսի գալուստով արդէն իսկ փրկուած է մարդկութիւնը, հաշուեյարդարը անդենականի մէջ պիտի ըլլայ, այս երկրի վրայ չիք տարբեր փրկութիւն արտաքոյ եկեղեցւոյ (Extra ecclesia nihil salus)։
- Մերժել ամէն տեսակի միջնորդութիւն եկեղեցիին եւ եկեղեցականներուն կողմէ մարդուն եւ Աստուծոյ միջեւ, քանի որ մարդ կրնայ ուղղակի խօսիլ Անոր հետ, եւ Ան ամէն տեղ է արդէն։ (Հետագային, այս թեզին հետեւորդներու աստուածաբանութիւնը կոչուեցաւ Pantheisim – Համաստուածութիւն)։
Յիշեցնենք, որ Թոնտրակեցիներու գրականութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ հրոյ ճարակ դարձած է եկեղեցւոյ բարբարոսացած էսթապլիշմէնթին կողմէ։ Ինչ որ այսօր վերականգնուած է որպէս պատառիկներ այդ հարուստ գրականութենէն, հիմնուած է այդ բարբարոս էսթապլիշմէնթին խնկարկու, ստրկամիտ գրիչներու հակաթոնտրակեան թունալից գրութիւններուն մէջ կատարուած մէջբերումներուն վրայ։
Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութիւնը ծնունդ առաւ Թոնտրակ գիւղէն ընդդէմ այդ օրերու քաղաքական ու կրօնական աւատատիրութեան բռնատիրութեան ու փտածութեան, եւ այդ էր պատճառը, որ արագ տարածուեցաւ բոլոր հայկական շրջաններուն մէջ։ Անոնց քարոզած գաղափարներուն գտած ժողովրդականութեան մասին նոյնիսկ խոստովանած է Արիստակէս Լաստիվերտացին իր «Պատմութիւն» երկին մէջ, հակառակ անոր որ ինք եղած է ամենաոխերիմ եկեղեցականը Թոնտրակեան յեղափոխութեան դէմ։ Ան իր այս երկին 79-րդ էջին վրայ խոստովանած է տիրող փտածութիւնն ու անօրինութիւնը՝ գրելով. «Արդարութեան օրէնքը յանիրաւութիւն դարձաւ, եւ յարգելի դարձաւ արծաթասիրութիւնը, քան զաստուածասիրութիւն, եւ մամոնայն, քան զՔրիստոս»։ Իսկ երկի 144-րդ էջին վրայ խոստովանած է Թոնտրակեան քարոզչութեան համոզկերութեան ուժը՝ գրելով. «Թոնտրակեցւոց բանք իբրեւ քաղցկեղ ճարակին, զիս որպէս ախտն այն, դժուարին է առ ի բժշկել, այսպէս եւ ի նոցանէ ըմբռնեալքն հազիւ կարեն կալ յակաստանի»։
Այս ժամանակաշրջանին գործող քաղաքական ու կրօնական (էսթապլիշմէնթական) աւատատիրութեանց դաշինքին մասին գրած են նաեւ Թոնտրակեան շարժումին համակրող Ներսէս Շնորհալին իր «Թուղթ ընդհանրական»-ին մէջ եւ Ստեփանոս Օրբէլեան՝ իր «Պատմութիւն նահանգին սիսական»-ին մէջ՝ տալով ցնցիչ ու նողկալի տեղեկութիւններ եկեղեցւոյ փտած էսթապլիշմէնթին մասին։ Կը բաւէ հոս յիշենք, որ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոսը եղած է աւատատէրը հինգ հարիւր (500) հայկական գիւղերու եւ թշուառութեան մատնած հայ գիւղացիները (Առեղծուածային, հանելուկային իրողութիւն մըն է այն, որ Նարեկացիի եւ Թոնտրակեան յեղափոխութեան պահանջած բարենորոգութեան հանդէպ Հայց. եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթը կրցած է անդրդուելի մնալ հազարամեակ մը եւ մինչեւ այսօր։ Նոյնիսկ «Եկեղեցին հայկական»-ը պանծացնող Վ. Թէքէեան իր «Դիմառնութիւն առ Հայկական եկեղեցին» քերթուածին մէջ անոր մասին գրած է. «Այն պարպուած է հիւթէն։ Դարձած է անտառ մը… որ քարացած է վաղուց»։ Եւ բարձրաստիճան եկեղեցական մըն ալ «Հոգիէ զուրկ դիակ» մը համարած է Հայց. եկեղեցին)։
- • •
Հայկական վերածնութեան դարաշրջանին 3-4 դարով կանխահասութիւնը ոչ միայն փաստագրուած է ակադ. Վազգէն Չալոյեանի նշեալ երկին մէջ եւ հաստատուած՝ ռուսերէն լեզուով հրատարակութեան ռուս ակադ. Քոնրատի յառաջաբանին մէջ, այլեւ հաստատուած է այլ բառերով՝ Ն. Ադոնցի եւ Մանանդեանի կողմէ։
Ն. Ադոնց գրած է. «Մինչ Անիի թագաւորութեան մէջ աւատապետութեան վերջին ճառագայթներն ալ կը մարէին, Արեւմուտքը նոր էր որ կ’ողջունէր աւատապետութեան արշալոյսը» (տես՝ Ն. Ադոնց, «Պատմական ուսումնասիրութիւններ», Փարիզ, 1948, էջ 47)։
Իսկ Ակադ. Վազգէն Չալոյեան իր վերոնշեալ երկին 12-րդ էջին վրայ կը վկայէ. «Մանանդեան վկայ է, որ Անիի եւ Բագրատունեաց Հայաստանի քաղաքներու մշակութային կեանքը կը գտնուէր զարգացման աւելի բարձր մակարդակի վրայ, քան Արեւմտեան Եւրոպայի միջնադարեան քաղաքներունը»։
Ինչու զարմանալ, երբ պատմական փաստեր են՝ Միջնադարի 1080-էն մինչեւ 1375 տարիներուն (այսինքն՝ Սելճուքեան արշաւանքներու նախօրեակին) Կիլիկիոյ հայկական իշխանապետութիւնը իր մշակոյթով՝ մշակոյթը իր ամենալայն ու համապարփակ առումով (այլ խօսքով՝ կուլտուրայով, Արեւմտեան Եւրոպայի կուլտուրայէն աւելի բարձր մակարդակի վրայ էր, ինչպէս որ այդ ժամանակ Արաբական քաղաքակրթութեանն ալ աւելի բարձր մակարդակի վրայ կը գտնուէր, քան Արեւմտեան Եւրոպայինը)։ Հոգեմտաւոր մշակոյթի բոլոր մարզերուն մէջ, ներառեալ հոգեւոր, երբ իսլամի Անտալուզեան դպրոցի աստուածաբանութիւնը Եւրոպային անծանօթ կրօնական հանդուրժողութեամբ Յիսուսն ու Մարիամը ճանչցած էր որպէս իսլամի ալ մարգարէները (Լիբանանի հարաւային մայրաքաղաք Սայտայի արեւելքի գիւղերէն մէկուն մէջ կը գործէ մինչեւ այսօր Յիսուս Որդի Մարիամի անուն մզկիթը)։
Հայկական վերածնունդէն դարեր ետք միայն Եւրոպական վերածնունդի եւ եկեղեցւոյ բարենորոգութեան (La Renaissance, La Réforme) երկնակամարին վրայ փայլեցան Տանթէ Ալլեկիէրին, Միկէլ Տը Սերվանթէսը, Ֆրանսուա Ռապըլէն, Փիեռ Ռոնսառը, Ռոթերտամցի Էրազմուսը, Թոմասսօ Քամփանելլան, Նիքոլօ Մաքիավելլին, Մարթին Լուտերը, Կալվինը եւ Թովմաս Մունձերը (Գերմանիոյ Սմբատ Զարեհավանեցին, որուն ղեկավարած շարժումը աւելի արմատական էր, քան Լուտերի եւ Կալվինի շարժումները, եւ նման էր Թոնտրակեան շարժումի յեղափոխականութեան եւ ընկերային արդարութեան թեքումին, որոնցմէ զուրկ էր Լուտերականութիւնն ու Կալվինականութիւնը)։
Մարդկային հոգիին ազատագրութեան այս երթը անցաւ ժողովուրդներու ազգային ու ընկերային կրկնակ ազատագրութեան ալ Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան (1917) եւ հասաւ 20-րդ դարու 60-ականներու Լատին Ամերիկայի կաթոլիկ յեղափոխական աստուածաբաններու մշակած «ազատագրութեան աստուածաբանութեան», որուն հետեւորդներէն Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի առաջնորդ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ արքեպիսկոպոսը կէս դար ետք հասաւ Վատիկանի Պապական աթոռին՝ Ֆրանչիսկոս Ա. անունով եւ ձեռնարկեց հոգեւոր յեղափոխութեան մը՝ հին Վատիկանի դպրական աստուածաբանութեան փոխարէն, որդեգրելով նոր աստուածաբանութիւն մը, որ տեղքայլող, անցեալի քարացած տոկմաները կրկնող դպրականը չէ, այլ քայլող, շարժող ու զօրաշարժող ուղեւո՛ր աստուածաբանութիւն՝ իրականացնելու համար դարերով մոռացութեան տրուած առաքելութիւնը եկեղեցիին, 3-րդ հազարամեակի ներկայ անմարդկայնացած աշխարհին մէջ, որ դարձած է արդի ստրկատիրական ժամանակաշրջան (Ֆրանչիսկոս Ա.-ի որակումով)։ Այսինքն՝ մարդկութիւնը վերադարձած է մարդկային պատմութեան երկրորդ դարաշրջանին։ Այլ խօսքով՝ երեք դարաշրջան ետ՝ սոցիալիստական, դրամատիրական եւ աւատատիրական, առաջին դարաշրջանը ըլլալով նախնական համայնատիրական դարաշրջանը։ Ուրեմն, ներկայ դարաշրջանը հին ստրկատիրականը չէ, այլ արդի ստրկատիրականը։
- • •
Վատիկանի պաշտօնաթերթ «L’OSSERVATORE ROMANO»-ի 1 Հոկտեմբեր 2018 թուակիր համարի ֆրանսատառ շաբաթական յաւելուածին մէջ լոյս տեսած է կաթոլիկ եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան մասին Ֆրանչիսկոս Ա.-ի նոր թեզը՝ «Pour une Théologie en Chemin» վերնագրով (Ի խնդիր ուղեւորութեան ելած աստուածաբանութեան մը)։
Բնազանցական մտածելակերպով քարացած ուղեղ մը չի կրնար ըմբռնել, թէ աստուածաբանութիւնը եւս մէկ չէ, միանգամընդմիշտ կաղապարուած չէ, այլ փոփոխելի՝ դարաշրջանէ-դարաշրջան։ Ֆրանչիսկոս Ա. յստակօրէն կը շեշտէ, որ իր նոր աստուածաբանութիւնը 3-րդ հազարամեակի դարաշրջանին պահանջածն է։ Անոր այս ճշդումը հեշտօրէն կը հասկնայ, կ՚ըմբռնէ, կ՚ընկալէ եւ կ՚ընդունի դիալեկտիկ (տրամախոհական) մտածելակերպով ուղեղը, որ կողմնակից է եկեղեցւոյ բարենորոգումին՝ անդրադարձած ըլլալով արդէն բարենորոգումի անհրաժեշտութեան։ Ուրեմն, Ֆրանչիսկոս Ա. ունի տրամախոհական (դիալեկտիկ) մտածելաեղանակ եւ կը տրամախոհէ.
«Այս 3-րդ հազարամեակին, երբ աշխարհ թեւակոխած է արդի ստրկատիրական դարաշրջանը (այսինքն՝ վայրի դրամատիրութեան համաշխարհայնացումը, պատերազմները, անմարդկայնութեան ժամանակները), մարդկութիւնը կարիքը ունի ոչ թէ տեղքայլ ընող, այլ տինամիք, շարժունակ եւ ուղեւորութեան ելած յառաջընթաց յեղափոխական հոգեւոր աստուածաբանութեան մը, մարդկայնական սիրոյ եւ քնքշութեան յեղափոխութեան մը, քնքշութեան աստուածաբանութեան մը, որպէսզի անմարդկայնացած աշխարհին տառապող մարդկութիւնը առաջնորդուի դէպի հասարակութեան ծառայութիւն եւ մարդասիրութիւն ընդդէմ նարկիզականութեան, դրամապաշտութեան, եսակեդրոնութեան եւ անհատապաշտութեան բոլոր ախտաւոր դրսեւորումներուն…»։
(«Ազատագրութեան աստուածաբանութիւն»-ն ալ մշակած կաթոլիկ յեղափոխական եկեղեցականները 20-րդ դարու 60-ականներուն Լատին Ամերիկայի մէջ ունէին դիալեկտիկ մտածելակերպ եւ ամերիկեան իմփերիալիզմի միջամտութիւններուն դէմ որդեգրած էին զինեալ պայքարի ուղին։ Անոնցմէ մէկուն՝ Քոլոմպիացի նահատակ հայր Քամիլօ Թորէսի (1929-1966) ծննդեան 90-ամեակն է այս տարի։ 1966-ին նահատակուելէ առաջ, ան ինքզինք ներկայացուցած է հետեւեալ պարբերութեամբ. «Ես Քոլոմպիացի յեղափոխական, ընկերաբան, քրիստոնեայ, ռազմիկ եկեղեցական մըն եմ։ Քոլոմպիացի, որ չի կրնար անգիտանալ իր ժողովուրդին պայքարը։ Ընկերաբան, որ գիտէ, թէ արդար կարգը չի կրնար հաստատուիլ առանց յեղափոխութեան։ Քրիստոնեայ մը, որ սորված է քրիստոնէութեան մարդասիրութիւնը եւ գիտէ թէ իր եղբայրներուն բարօրութիւնը չ’իրականանար առանց յեղափոխական զինեալ պայքարի։ Եկեղեցական, քանի որ յեղափոխութիւնը կը պահանջէ ամբողջական անձնազոհութիւն, որ եկեղեցականին կոչումն է»։ Ան նահատակուած է ռազմադաշտին վրայ։
Պապը կը դիտարկէ. «Թէպէտ աստուածաբանութիւն եւ քնքշութիւն եզրերը իրարմէ տարբեր եւ անջատ կը թուին ըլլալ, առաջինը կը թուի յիշեցնել միայն ակադեմական ոլորտը, երկրորդը՝ անձերու միջեւ յարաբերութեանց լոկ ոլորտը։ Սակայն իրականութեան մէջ մեր հաւատքը այդ երկու եզրերը անխզելիօրէն կը միացնէ իրար։ Իրօք, աստուածաբանութիւնը չի կրնար վերացական ըլլալ։ Եթէ վերացական եղած ըլլար, գաղափարախօսութիւն մը եղած պիտի ըլլար, որ վերացական է եւ կապ չունի անձերու միջեւ յարաբերութեան ու վերաբերմունքին հետ։ Աստուածաբանութիւնը Աստուծոյ Բանին մարմնացումն է մարդոց կեանքին մէջ։ Հետեւաբար, ան կոչուած է հաղորդելու Սէր Աստուծոյ շօշափելի յատկութիւնը, որ քնքշութիւնն է։ Իսկ քնքշութիւնը գոյութենական շօշափելի լաւութիւն մըն է, որ մեր ներկայ դարաշրջանին պիտի հանդիսանայ այն գուրգուրանքը, զոր Աստուած կը ցուցաբերէ մեր հանդէպ»։
Եւ կը շարունակէ.
«Քնքշութիւնը բնաւ չի նշանակեր վերածուիլ գերզգայնոտ անձի, այլ ատիկա նախաքայլն է յաղթահարելու ինքն իր անձին մէջ կծկուելու ախտը եւ դուրս ելլելու եսակեդրոնութենէն ու նարկիզականութենէն, որոնք կ’ապակողմնորոշեն մարդկային ազատութիւնը։ Որովհետեւ Աստուծոյ քնքշութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ հասկնալու եւ լաւապէս ըմբռնելու, որ կեանքին իմաստը սէրն է։ Եւ մենք այսպիսով կ՚ըմբռնենք, որ մեր ազատութեան արմատը ինքնանպատակ ու անպայմանադիր ինքնակամութիւն չէ, այլ հրաւէր մըն է, առիթ մըն է մեզի տրուած, որ Տիրոջը՝ մեզի տուած սէրը վերաբաշխենք մեր կեանքին մէջ մեր ընտանիքին ու հանրութեան՝ անոր միացնելով նաեւ մեր ծառայութիւնը եւ նուիրումը հասարակութեան, բայց այս ամէնը՝ ոչ որպէս պարտականութիւն կամ պարտաւորութիւն, այլ որպէս ապրուած սիրոյ եւ քնքշութեան արտայայտութիւն մարդոց եւ հասարակութեան հանդէպ եւ որպէս մեր ապրուած սիրոյ արտայայտութիւն հանդէպ Անոր, որ մեզ կը սիրէ քնքշօրէն»։
Հոս ուրեմն, կը պարզուի, որ իտէապաշտութեան (Idealism) նախահայր Քանթի հետեւորդ Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեանի մատերիապաշտութեան (Materialism) եւ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապի կողմէ «Ազատութիւն» յղացքին տրուած սահմանումները տարբեր չեն իրարմէ՝ հակառակ իրենց իրարմէ տարբեր փիլիսոփայական դպրոցներուն։ Երեքը զիրար կը հաստատեն, երբ երեքն ալ ազատութիւնը պայմանաւոր եւ ոչ կամայական կը նկատեն։ Երեքն ալ ազատութիւնը պարտքի մը վճարումը կը նկատեն։
Ռեթէոս Յ. Պէրպէրեան կը խօսի «Պարտուց հրամայական»-ի մասին. մատերիապաշտութիւնը՝ «Պատմական անհրաժեշտութեան» մասին, իսկ Ֆրանչիսկոս Ա. կը խօսի «Տիրոջը տուած սիրոյն մարդոց վերաբաշխելու աստուածային հրաւէրի» մասին։
Պէրպէրեանի համար ասուն մարդը անասուն կենդանիէն կը զատորոշուի, երբ իր ազատ կամքով հասարակութեան հանդէպ իր պարտքը վճարելով՝ ԱՆՁ կը դառնայ։ Մատերիապաշտութեան համար մարդ ազատ շարժած կ՚ըլլայ, եթէ քալէ իր ժամանակի պատմական անհրաժեշտութեան համաձայն ուղղութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Ա.-ի համար մարդկային ազատութիւնը ճիշդ գործածելը կը պահանջէ, որ մարդը Աստուծմէ ստացած իր սէրը վերաբաշխէ իր եղբայր մարդոց ու հասարակութեան (մարդոց եղբայրակցութեան մասին Վ. Թէքէեանն ալ ունի «Խօսք առ Աստուած» մը իր «Շուարում» քերթուածին մէջ, ուր կ՚ըսէ. «Ի՞նչպէս զքեզ ըմբռնեմ, երբ մարդ մարդու ոսոխը կ՚ըլլայ, եղբայրը եղբօրմէն կը զարնուի, նուազ ուժովները ուժովէն ոտնակոխ կ՚ըլլան… եւ դուն յաճախ կ՚ըլլաս ընդդէմ տկարին…»)։
Ուրեմն, մարդկային հասարակութեան հանդէպ պատասխանատուութիւն վերցնելով է որ մարդ ազատագրուած կը նկատուի։ Ուրեմն, ազատութիւնը կամայականութիւն չէ, հասարակութեան հանդէպ անպատասխանատու ըլլալ չէ. ինքնակամ ու ինքնասիրահարուած, նարկիզական եսակեդրոն մարդը ազատագրուած չի նկատուիր։ Երբ ժամանակը հասունցած ըլլայ պատմական փոփոխութեան մը համար, այդ փոփոխութեան համար մղուած պայքարը ազատագրական պայքար մըն է, եւ այդ պայքարին մասնակիցը՝ ազատամարտիկ մը եւ ազատ մարդ մը։ Ուրեմն, իր ազատագրական առաքելութեան գիտակցող յեղափոխականը լիովին ազատագրուած անձն է։ Եւ այս տիպի անձեր կրնան ըլլալ բոլոր անոնք, որոնց հոգին ազատագրուած է։
Ուրեմն, մարդկային հոգիին ազատագրումը հանդիսացող «ՆԱՐԵԿ»-ը պրծած է Հայց. եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին խաւարամիտ գրաքննութենէն, եւ, սակայն, «ՆԱՐԵԿ»-ի պատգամը չէ հասած ժողովուրդին՝ մեր պարտազանց մտաւորականներուն անտարբերութեան յանցանքով։ Իսկ էսթապլիշմէնթը գովազդած է «ՆԱՐԵԿ»-ը՝ իբր լոկ աղօթագիրք։ Եւ այսօր Ֆրանչիսկոս Ա. կը դարմանէ այդ յանցանքին գործած աւերներն ու յետամնացութիւնը, նաեւ միջնադարեան Վատիկանի գործած վնասները միջեկեղեցական յարաբերութեանց մէջ իր մեծապետական մոլուցքին հետեւանքով՝ պատճառաբանելով, թէ ազգային եկեղեցիները առաքելական չեն, հիմնուած են լոկ ազգային սուրբերու կողմէ, ոչ՝ առաքեալներու… եւ հետեւաբար, «To be in communion with God, you have to pass by the Vatican» (Աստուծոյ հետ հաղորդակից դառնալու համար, դուն պարտիս անցնիլ Վատիկանի բովէն)։ Ֆրանչիսկոս Ա. 2-3 տարիներու հետեւողական ջանքերով Վատիկանը հաշտեցուց Ռուս ուղղափառ, Յոյն ուղղափառ եւ Լուտերական ազգային եկեղեցիներուն հետ եւ Կարմիր Չինաստանի (Ժողովրդային) պետութեան հետ։
Ֆրանչիսկոս Ա.-ի հոգեւոր յեղափոխութեան պատմական յեղաշրջումները եղան իր նոր աստուածաբանութիւնը, ու ատոր մէջ սրբութեան տրուած նոր սահմանումը՝ որպէս հոգեւոր բալասան 3-րդ հազարամեակի վայրի դրամատիրական, արդի ստրկատիրութեան անմարդկայնացուած աշխարհի չարիքներուն։
(Իսկ յեղափոխական Վ. Թէքէեան «Գիտեմ գաղտնիք մ’ահաւոր» քերթուածին մէջ խօսած է ծնելիք նոր Աստուծոյ մասին.
Պիտի մեռնի այս աստուածն ալ՝ մարդուն հետ գիրկընդխառն
Պիտի մեռնի մարդը այս ու պիտի ծնի մարդը նոր
Բանաստեղծի մը թերեւս երգէն սիրոյ, ցասումի)։
Սրբութեան նոր սահմանումը Ֆրանչիսկոս Ա. երկարօրէն պարզած է Պապական թուղթի մը մէջ՝ «Gaudete et Exsultate» վերնագրով (տես՝ www.vatican.va)։
Ան սրբութեան տուած է հետեւեալ պարզունակ, սակայն տարողունակ սահմանումը. «Սրբութիւնը ճշմարիտ կեանքն է. երջանկութիւնը, որուն համար ստեղծուած ենք։ Սրբութեան հակառակը անշուշտ մեղքը չէ, այլ այն է, երբ մենք կը գոհանանք միջակութիւններով, կիսամիջոցներով ու բովանդակազուրկ կեանքով, եւ Աստուծոյ՝ մեզի պարգեւած սէրը չենք վերաբաշխեր մեր եղբայր մարդոց ու հասարակութեան»։
Կը շարունակէ.
«Մենակեաց կեանքը, ինքնիրմով բաւականանալով ապրուած կեանքը ճշմարիտ կեանքը չէ, եւ հետեւաբար մեզ չ’առաջնորդեր դէպի սրբութիւն, որ ճշարիտ կեանքի առօրեայի վարք ու բարքէն կը բխի։ Պատմութիւնը արձանագրած չէ անհատական հերոսութեամբ սուրբ դառնալու պարագայ։ Առանց հասարակութեան մէկ մասի նեցուկին՝ սուրբ հերոսութիւն եւ առանց նպաստաւորուող անձերու ներկայութեան մարդասիրութիւն չի կրնար կատարուիլ։ Քրիստոնէական սրբութիւնը կը պահանջէ նաեւ յանձնառութիւն՝ հանդէպ մարդկային պատմութեան եւ անոր զարգացումին ու յառաջդիմութեան։ Եւ այս տիպի յանձնառութիւնները կը համարէ «վտանգաւոր յեղափոխականներ», քանի որ ասոնք վճռած կ՚ըլլան ռիսքեր (վտանգներ) յանձն առնել՝ աներեր յանդգնութեամբ՝ իրենց առաքելութեան ի կատար ածման համար։ Գոյութիւն չի կրնար ունենալ քրիստոնէական սրբութիւն հոն, ուր հոգեւորական դասը խզուած կ՚ըլլայ մարդկութեան պատմութենէն եւ զայն դէպի լաւը փոխակերպելու յառաջադրանքէն»։
Ուրեմն, այսպիսի վսեմ յառաջադրանք կ՚ունենան սրբութեան թեկնածու այդ «վտանգաւոր» յեղափոխական անհատներն ու իրօք յեղափոխական կազմակերպութիւնները, որոնք կ՚ուզեն արմատախիլ ընել արդի ստրկութեան (վայրի դրամատիրութեան) հասարակարգը (Արդարեւ, միջազգային հեղինակաւոր տնտեսագէտներն ու ֆինանսագէտները, հիմնուելով պաշտօնական վիճակագրութիւններու վրայ, պարզեցին, որ աշխարհի հարստութեան 48 տոկոսը (շուրջ կէսը) սեփականութիւնն է մարդկութեան միայն մէկ տոկոսին… բարբարոսային անհաւասարութեան այս իրավիճակին մէջ, ուր մարդկութեան 99 տոկոսին սեփականութիւնը միմիայն մնացեալ կէսն է: Չափազանցութի՞ւն է վայրի դրամատիրութիւնը արդի ստրկատիրութիւն որակել)։ Մինչ պահպանողականները կը գոհանան լոկ ներհամակարգային կուսակցութիւններու եւ անհատներու իշխանութեան հերթափոխութեամբ։ Ֆրանչիսկոս Ա. յեղափոխական մը ըլլալով՝ Վատիկանի պաշտօնաթերթի 10 Օգոստոս 2018 թուակիր թիւ 32-33 համարի անգլիատառ յաւելուածին մէջ ունի քարոզ մը՝ «A Comprehensive Strategy To Combat MODERN SLAVERY» վերնագրով, զոր ջերմօրէն կը թելադրեմ կարդալ բոլոր մտաւորականներուն եւ հոգեւորականներուն մանաւանդ։ Հոս որպէս նախաճաշակ կը մէջբերեմ միայն հետեւեալ պարբերութիւնը.
«Ներկայի այս արդի ստրկատիրութիւնն ու մարդավաճառութիւնը բաց վէրք մըն է ժամանակակից մարդկութեան սրտին վրայ, խոց մը՝ Յիսուսի մարմնին վրայ եւ ՈՃԻՐ ՄԸ՝ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ»։
Իսկ «մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր»-ը Միջազգային հանրային իրաւունքին մէջ համազօր է «պատերազմի ոճիրներուն» եւ «ցեղասպանութիւն» կոչուող գերագոյն ոճիրին։
Հայոց ցեղասպանութեան գերագոյն ոճիրին պատասխանատու պետութիւնը՝ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, ցարդ չէ պատժուած եւ հայերուն չէ վերադարձուցած Արեւմտահայաստանն ու Արեւելահայաստանէն կարգ մը շրջաններ՝ երկու պատմական պատճառներով.
Առաջինը՝ Բ. աշխարհամարտի բարեբեր աւարտին խափանումը ամերիկեան իմփերիալիզմի կողմէ՝ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ռմբահարումովը ջրածնային ռումբերով։ Պատմութեան մէջ այս աննախընթաց ոճիրով, երբ ԱՄՆ ունէր մենաշնորհը հիւլէական զէնքի եւ այդ մենաշնորհով խափանեց Սովետ միութեան պահանջը՝ Կարսի, Արտահանի եւ Արդուինի կապակցութեամբ, Սովետ Հայաստանի անունով, պատճառաբանելով, թէ Թուրքիոյ հողային սահմանները Սովետ միութեան հետ այնուհետեւ ԱՄՆ-ի հողային սահմանները պիտի համարուին։ Այս տրամաբանութեամբ կը խափանուի նաեւ ու միանգամայն տարագիր արեւմտահայութեան հողային դատը աթոմական զէնքի մենաշնորհեալ պետութեան հովանին վայելող եւ ՕԹԱՆ-ի զինակից Թուրքիոյ դէմ։
Երկրորդը՝ Ցուրտ պատերազմի տեւողութեան շարունակուող իմփերիալիստական պատերազմներուն բազմապատկումն ու առաւել աւերիչ դառնալը։ Սովետ միութեան ինքնալուծարումէն ետք, երբ ամերիկեան իմփերիալիզմը աշխարհին պարտադրեց վայրի դրամատիրութեան «Համաշխարհայնացում»-ը միաբեւեռացած աշխարհակարգին մէջ, որ ներկայի արդի ստրկատիրական դարաշրջանը կը հանդիսանայ։ Եւ ուրեմն, այս ստրկատիրութեան դէմ պայքարող Ֆրանչիսկոս Ա.-ի յաղթանակով պայմանաւորուած է մեր հողային դատին արդար լուծումը, եւ հետեւաբար յեղափոխական Պապին այս պայքարը պայքարն է նաեւ մէն մի ՀԱՅՈՒ։
Ներկայի արդի ստրկատիրութենէն մարդկային հոգիին ազատագրումը միակ արդար լուծումն է բոլոր իրաւազրկուած ժողովուրդներու ազգային դատերուն։
Այս ուղին «ՆԱՐԵԿ»-եան է, որ անցաւ Թոնտրակեան, Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան, ազատագրութեան աստուածաբանութեան փուլերէն եւ հիմա կը շարունակէ երթը Ֆրանչիսկոս Ա.-ի կողմէ։