«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 11 – դեգերումներ» առցանց հատորը, որ կը բովանդակէ 31 յօդուածներ` բաժնուած չորս գլուխներու` «Երթուդարձ», «Հեքիաթներ», «Ժամանակին հետ» եւ «Մուսայիս հետ», տարածուած` 100 էջերու վրայ:
«Մտնելով այս «Ոստայն»-ին մէջ…»` իր ներածութեան մէջ Վրէժ-Արմէն կը գրէ. «Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ, թէ ինչո՛ւ իրերայաջորդ հատորներս միշտ կը կրեն «Ոստայն» վերտառութիւնը: Այո՛, պիտի անդրադառնայ, թէ անոնք իրարու շաղկապուած են կարմիր թելով մը, որ հակառակ նիւթերու այլազանութեան` կ՛անցնի անոնց բոլորին մէջէն:
«Այդ թելը գրողին ապրումներն են, մտորումներն ու զգացումները, որոնք կը դրսեւորուին տարբեր իրավիճակներու, տարբեր կացութիւններու կամ պատահարներու միջոցով»:
Ապա հեղինակը հետեւեալը կ՛աւելցնէ. «Ընթերցողը պիտի անդրադառնայ նաեւ, թէ միեւնոյն հարցերը, որոնք զիս կը հետաքրքրեն, կը մտատանջեն, գրելո՛ւ կը մղեն, եւ որոնք կ՛արծարծուին նաեւ «Հորիզոն»-ի մէջ շաբաթական «Այս անկիւնէն» կամ այլ վերտառութիւններու ներքեւ լոյս տեսնող սիւնակներուս մէջ, «Ոստայն» շարքին մէջ կը դրուին նուազ հրապարակագրական եւ աւելի գրական պարունակի մը մէջ` ունենալով օրագրական կամ յուշագրական բնոյթ: Այդ պատճառով ալ այնտեղ նկարագրուող իրավիճակները պէտք է նկատի առնուին իրենց ժամանակին մէջ: Այս գրութիւններուն ընդմէջէն կ՛երեւին այդ իրավիճակներու թէ՛փոփոխութիւնները եւ թէ՛ մնայուն տարրերը:
«Այս շարքին չորրորդ հատորը իբրեւ տիտղոս կը կրէր` «Իմ ուղեպատումը» վերնագիրը: Ինծի այնպէս կը թուի, որ միշտ այդ ուղեպատումն է, որ կը պատմուի հատորէ հատոր…»:
Հատորին շապիկի նկարը գործն է Տեմսի Արզումանեանի:
Հեղինակին վերջին ութ հատորները` սկսեալ «Ոստայն 4»-էն, մատչելի են ընթերցողին Հայերէն blog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ: (https://hayerenblog.wordpress.com/ Գիրքեր): Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակին ոչ անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ: