Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Իսրայէլի Օդուժը Հարուած Հասցուցած Է Սուրիական Հալէպին. «ՍԱՆԱ»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը Սուրիոյ մէջ գրոհած են Հալէպ քաղաքէն հիւսիս ինկած արդիւնաբերական գօտիին վրայ: Այդ մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «SANA» գործակալութիւնը: «Իսրայէլցի գրոհախումբը հարուած հասցուցած է Շեյխ Նաժար արդիւնաբերական գօտիի մի քանի դիրքերուն, թշնամական հրթիռներէն մի քանին խփուած են»,– յայտարարած է Սուրիոյ զինուորական հրամանատարութեան ներկայացուցիչը:

Իր խօսքով՝ յարձակումին հետեւանքով նիւթական վնաս պատճառուած է: Մինչդեռ արտասահմանեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով սուրիական ընդդիմութեան տուեալները, կը յայտնեն, որ հարուածը հասցուած է այդ շրջանին իրանական զօրքերու դիրքերուն: Հալէպի մէջ խախտուած է ելեկտրամատակարարումը: «The Jerusalem Post» թերթը, յղում ընելով իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն, յայտնած է, որ հարուածին հետեւանքով Հալէպի մէջ տասը հոգի մահացած է, կան վիրաւորներ, հաղորդած է «Ինթերֆաքս»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին