Կիրակի, 09. 02. 2025

spot_img

Աուն Պիտի Գլխաւորէ Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Արաբական Պետութիւններու Լիկայի Գագաթնաժողովին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Աուն պիտի գլխաւորէ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Արաբական պետութիւններու լիկայի գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Թունիսի մէջ 31 Մարտին՝ առաւօտեան ժամը 11:00-ին:
Աուն պիտի ուղղուի Թունիս Շաբաթ յետմիջօրէին՝ մասնակցելու արաբական պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումին: Նախագահին պիտի ուղեկցին արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ, ներքին գործոց նախարար Ռայա Ալ-Հասան, գաղթականութեան հարցերով նախարար Սալեհ Ղարիպ եւ մշակոյթի նախարար Մուհամմատ Տաուտ:
Ինչպէս «The Daily Star» գործակալութեան հաղորդեց Պաապտայի նախագահանիստ պալատի մօտ աղբիւր մը, գագաթնաժողովին Աուն հանդէս պիտի գայ ելոյթով, որ պիտի կեդրոնանայ Լիբանանի՝ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն նկատմամբ դիրքորոշումին վրայ:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին