ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ, Իրանահայ, Իրաքահայ Ընտանեկան միութիւններու եւ Վարդանանց Ասպետներու՝ Շաբաթ, 23 Մարտի երեկոյեան, իրանահայութեան մշակութային կեդրոնին մէջ, Կլենտէյլ, տեղի ունեցաւ թուրք-գերմանացի Փրոֆ. Թանէր Աքչամի շահեկան ելոյթը։ Ան ներկայացուց իր նոր հատորը նուիրուած Արամ Անտոնեանին եւ Գրիգոր վարդապետ Կէրկէրեանին։ Առաջինը հանրայայտ է իր «Մեծ ոճիրը» հատորով, իսկ երկրորդը Ցեղասպանութեան վերապրող մը, մահը ողջ-ողջ ապրած հայորդի մը, որ կատարած է հսկայական կարեւոր աշխատանք Ցեղասպանագիտութեան համար։ Ան, փոքր երեխայ, վերապրող, տեղահանութեան տարիներուն հասնելով մինչեւ Պէյրութ, Զմմառի մէջ կ՚ուսանի, կ՚անցնի Եւրոպա, կը դառնայ կաթողիկէ վարդապետ եւ կը նուիրուի հոգեւոր ծառայութեան։
Թուրքիոյ ժխտողականութիւնը եւ Աքչամի կողմէ ուսումնասիրուած իրական փաստերը կու գան երեւան հանելու Թալէաթի, Պեհաէտտին Շաքիրի եւ այլոց գաղտնի նամակները, որոնց բացայայտումը լրջագոյն փաստարկ մըն է Ցեղասպանութեան գծով կատարուած աշխատանքներուն մէջ։ Թուրքիա կ՚ոչնչացնէ փաստերը եւ յետոյ կը բարձրաձայնէ, թէ փաստեր չկան, բնագիր նամակներ չկան, շինծու են բոլորը հայերուն կողմէ։ Աքչամ հակառակը կ՚ապացուցէ Կէրկէրեան վարդապետին արխիւներուն շնորհիւ, որոնց հրատարակութիւնը նոր «ապտակ» մըն է արդարութենէն փախչող թուրք պետութեան։
Կէրկէրեան վարդապետ հսկայական աշխատանք կատարած է հաւաքելով արխիւներ, որոնց մէկ մասը պատճէնահանած է, պահպանած է, իսկ անոնցմէ ոմանց բնագիրները դժբախտաբար այսօր կորսուած են Նուպարեան գրադարանէն։ Շատ հետաքրքրական էր Փրոֆ. Աքչամին դասախօսութիւնը, որուն ներկայ եղող հարիւրեակ մը ներկաները մեծ բաւականութիւն ստացան։
Հանդիսավարն էր Պոլսահայ միութեան ատենապետ, իրաւաբան Էտուին Մինասեանը, որ նախ հանդէս եկաւ պատշաճ բացման խօսքով եւ ներկայացուց հիւր դասախօսը։ Դասախօսութիւնը ընթացաւ անգլերէն լեզուով եւ դասախօսը մեծ պաստառի վրայ կը ցուցադրէր թիւեր, փաստեր, լուսանկարներ, արխիւային նիւթեր՝ գաղտնագիր նամակներ ու անոնց բացատրութիւնները։ Քլարք համալսարանի կայքէջին վրայ մանրամասնօրէն մատչելի է Աքչամի կատարած շնորհակալ աշխատանքը։
Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան եւ ապա՝ գիրքի մակագրում եւ հիւրասիրութիւն։
Թ.