«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի խորհրդարանը պիտի հանդիպի Ապրիլ 10-ին օրէնսդիրներու եւ նախարարաց խորհուրդի անդամներուն միջեւ նիստի համար, որ տեղի պիտի ունենայ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով: Այս մասին յայտարարեց Լիբանանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի:
Նիստը, որ երկրորդ անգամ ըլլալով յետաձգուած էր վարչապետ Սաատ Հարիրիի վիրահատութեան պատճառով, նշանակուեցաւ Ապրիլ 10-ին՝ առաւօտեան ժամը 11-ին:
Նախարարաց խորհուրդի անդամները պիտի պատասխանեն օրէնսդիրներու կողմէ նախապէս ներկայացուած հարցումներուն, որոնք գլխաւորաբար կ’անդրադառնան կենսոլորտի կեղտոտութեան, դատավճիռներու կայացումի ձգձգումներուն եւ ճանապարհներու ապահովութեան եւ այլ թեմաներու: