«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլ չեխ գործընկերոջ՝ Թոմաս Փեթրիսեքի հետ մամլոյ համատեղ ասուլիսին նախազգուշացուց Չեխիոյ Հանրապետութիւնը Իսրայէլի իր դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելէ: Այս մասին կը տեղեկանանք Պասիլի Twitter-ի պաշտօնական էջէն:
Չեխիոյ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Թոմաս Փեթրիսեքի հետ մայրաքաղաք Պրահայի Չերնին պալատին մէջ մամլոյ ասուլիսին Պասիլ խնդրեց չեխ գործընկերոջմէն չհետեւիլ ԱՄՆ-ի՝ դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու որոշումին, ինչը լայնօրէն դատապարտուեցաւ արաբական երկիրներու եւ Եւրամիութեան անդամ պետութիւններուն կողմէ: