Երէկ՝ Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն՝ ՀՅԴ-ի, ՍԴՀԿ-ի եւ ՌԱԿ-ի Լիբանանի մարմիններուն ներկայացուցիչները: Անոնք նորին սրբութիւնը տեղեակ պահեցին օր մը առաջ յառաջիկայ Ապրիլ 24-ի նշման գծով իրենց ունեցած ընդհանուր խորհրդակցութեան մասին:
Վեհափառ հայրապետը առաջին հերթին գնահատեց երեք կուսակցութիւններու գործակցութիւնը՝ մաղթելով, որ բոլոր գաղութներէն ներս միջկուսակցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդուի ու ծաւալի համազգային եւ համագաղութային ընդհանրական մտահոգութիւններու ու աշխատանքներու շուրջ: Խօսելով Ապրիլ 24-ի նշման մասին՝ հայրապետը իր օրհնութիւնն ու քաջալերանքը յայտնեց կուսակցութեանց պատասխանատուներուն՝ շեշտելով, որ բարձրագոյն աստիճանի կազմակերպուածութեամբ ու ժողովրդային մասնակցութեամբ անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական կամքը արտայայտուի աշխարհին դիմաց: