Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Նարեկ Արքեպիսկոպոսի Հրաւէրով Լիբանանի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ Եւ Աւետարանական Հոգեւորականներու Հանդիպում (լուսանկարներ)

Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով, հինգշաբթի, 28 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7.00-ին, Նորաշէնի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի եկեղեցիներուն մէջ ծառայող հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւորականներու Մեծ պահքի աղօթական հաւաք եւ ընթրիք։

              Հոգեւոր հայրեր, Նարեկ Սրբազանի, Գերապայծառ Ճորճ Ասատուրեանի եւ Վերապատուելի Պերճ Մսրլեանի գլխաւորութեամբ, նախ եկեղեցւոյ մէջ «Տէրունական աղօթք»-ը եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ»-ը աղօթեցին եւ ապա սրահին մէջ առաւել ծանօթացման պահ մը ապրեցան։

              Ընթրիքի ընթացքին սրտի խօսքեր արտասանուեցան եւ առաջարկներ կատարուեցան այսպիսի առիթներու կրկնումով աւելի մտերմութիւն եւ գործակցութիւն յառաջացնելու համար։

              Հաւաքին մասնակցող հոգեւորականներ Աստուծոյ եւ ազգին ծառայութեան իրենց ուխտի վերանորոգութեամբ խոստացան դարձեալ իրարու հանդիպիլ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին