ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- … Ճիշդ եւ ճիշդ երկու ամիս առաջ հեռացար մեզմէ սիրելի բարեկամս, հեռացար երկրային կեանքէն` միանալու համար երկնային թաqաւորութեան մէջ յաւերժական կեանքին արժանի բոյլ մը հայ մեծերու մեծաթիւ խումբին: Մեր, ինչպէս կ՚ըսեն, հարիւր տարուան բարեկամութեան սիրոյն, պիտի խնդրեմ, որ ազատ աթոռ մը պահես ինծի համար, որպէսզի ես ալ երբ ատենը գայ` մասնակից դառնամ Տիրոջ կողմէ ընտրեալներուն ուղղուած յորդորները մտիկ ընելու:
Զաւկիդ` Արային կողմէ գրուած կենսագրականէդ ինծի համար բազմաթիւ նորութիւններ երեւան ելան, որոնց մասին երբեւէ չես խօսած: Ըստ իս` աններելի համեստութիւն: Մեր հանդիպումներու ընթացքին միայն կատակախառն երկխօսութիւններով կը լմննար մեր զրոյցը: Բնաւ չէիր մոռնար յիշեցնել` «Հենրիկ գրէ, շատ գրէ, նոր գիրքդ ալ չմոռնաս ղրկել…»:
Մահէդ երկու-երեք շաբաթ առաջ, «Նոր Օր» շաբաթաթերթի տարեկան մտերմիկ հաւաքին, հազիւ կրցար հեռուէն քանի մը սանթիմ ձեռքդ բարձրացնել սեղանին վրայէն` զիս ողջունելու համար: Ինծի համար դժուար չէր հասկնալ, որ դուն այն Փայլակը չես: Նուաղուն հայեացքդ աւելի քան խօսուն էր: Չարագուշակ միտքերը պարուրեցին զիս`«Չըլլա՜յ, որ գէշ բան մը պատահի…,– անցաւ միտքէս»: Հեռուէն մօտեցայ քեզ ողջագուրելու, բայց դուն տեղէդ չշարժեցար: Հաւանաբար դժուար էր քեզի համար տեղէդ շարժիլը: Ես կռնակէդ գրկեցի քեզ եւ ականջիդ փսփսացի,– ի՞նչ կայ Փայլակ, անհանգի՞ստ ես…: Դուն` կամ չլսեցիր եւ կամ ալ չլսելու տուիր, միայն պահանջկոտ, աղօտ ձայնով ըսիր,– ի՞նչ եղան գիրքերդ, ինչո՞ւ չես ղրկեր…:
…Շատեր խօսեցան այդ օր, բայց քեզի խօսք չտուին: Չեղած երեւոյթ: Վստահաբար երեկոն կազմակերպողները մօտէն գիտէին քու առողջութեանդ մասին: Հիւրասիրութեան սեղանին ալ չմօտեցար: Մինչեւ երեկոյի աւարտը, հիւրի կարգավիճակով, լուռ ու մունջ հետեւեցար ուրիշներու գործողութիւններուն:
Արդէն աւտոմեքենայիս մէջ, ամփոփելով հաճելի երեկոյի անցուդարձը, կուրացնող, անսփոփ պատկեր մը յառնեցաւ աչքերուս առջեւ. Դուն էիր սիրելիդ իմ Փայլակ: Ես հասկցայ, որ այդ երեկոյ մենք վերջին անգամն է, որ կը տեսնէինք զիրար` օտար, բայց մեզի համար աւելի կամ պակաս չափով ջերմացած հողին վրայ: Ափսո՜ս, հազար ափսոս` ես չէի սխալած:
Զաւկիդ` ներհուն մտաւորական, գաղափարապաշտ հայրենասէր Արայի գրութիւնը իսկական հանրագիտարանային լայնածաւալ յօդուած է: Բազմաթիւ տարեթիւերու, իրադարձութիւններու, քանի մը տասնեակ մարդոց, մտաւորական-գրագէտ-գրողներու անուններու ցանկին ընդմէջէն, Փայլակ ջան, տղադ աւելի քան մանրակրկիտ կերպով թուարկած է երկրային կեանքէդ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք նորութիւն են ինծի եւ, վստահաբար` շատ-շատերու համար ալ: Ինծի համար տղադ նոր աշխարհ մը բացաւ քու կեանքէդ: Եւ ես, միամիտս, բնաւ տեղեակ չեմ եղած զորօրինակ, որ դուն ֆութպոլիստ եղած ես, նոյնիսկ ճանչցուած:
– Ծօ, տղա՜, ինչո՞ւ երբեւէ չես խօսած քու բազմաթիւ նուիրագործումներուդ, քանի մը տասնեակ պարգեւներու, մետալներու, կառավարական շքանշաններու մասին, չէ՞ որ մենք քառասուն երկար ու ձիգ տարիներու բարեկամներ եղած ենք:
Այս աստիճանի համեստութիւնն ալ քիչ մը պախարակելի է: Քեզի համար ալ նորութիւն չէ, որ շատեր, փառամոլութեամբ տառապողներ, գրաւած են ողջ դիմատետրը եւ այս օրերուն գիշեր ու զօր դիմատետրի էջեր կը լեցնեն իրենց արգահատելի պատկերներով եւ նոյնքան տափակ գրութիւններով:
Եղեռնէն ճողոպրած ծնողքդ ուրկէ՞ գիտցան, որ դուն ողջ կեանքիդ մէջ, 70 տարի անընդմէջ, հաւատաւոր կուսակցականի, եռանդուն ուսուցչապետի եւ հասարակական գործիչի հանգամանքով պիտի փայլիս հայ կեանքէն ներս, որ անունդ Փայլակ դրին: Զարմանալի՜, ապշեցուցիչ` Փայլա՜կ, Փայլատու, փայլ տուող: Իրաւ ալ, դուն ոչ միայն Փայլ եղար, այլեւ փայլ տուիր ամէն մէկ գործի, որ քու նախաձեռնութեամբ էր, եւ կամ ալ այլոց առաջարկութեամբ ու Վերին Մարմինի թելադրանքով:
Հասարակական, կուսակցական երկարատեւ գործունէութիւնդ կանգ առաւ հազիւ մէկ-մէկուկէս տարի առաջ, երբ անդենական աշխարհ ղրկեցինք աննման կինդ` Տիկին Մարին, որուն մշտատեւ ժպիտը եւ խնդումերես մօտեցումը ոեւէ անձի` այսօր ալ թարմ է յիշողութեանս մէջ:
Սովորաբար, կեանքի փորձառութենէն գիտեմ Փայլակ ջան, երբ առաջ կինը կը մահանայ, ամուսինը երկար չ՚ապրիր, մանաւանդ` երկար տարիներու ամուսնական զոյգի պարագային, ինչպիսին, որ ձերինն էր` 66 տարի, դիւրին է ըսելը…
Հոգ մի ըներ բարեկամս, մենք դեռ քով-քովի պիտի գանք:
Լաւագոյն մխիթարութիւնը` ժառանգներդ են եղբայր պատուական, որնցմէ հաւատաւոր կուսակցական եւ հասարակական գործիչ Արան` ահա թէ ինչ գրած է կենսագրականիդ մէջ.
«Քառասուն օրեր արդէն սահած են այն օրէն, երբ երախտաւորը (Փայլակ Ահարոնեան,- Հ.Ա.) յաւիտեան իր աչքերը փակեց եօթանասուն տարիներու ազգային ու կրթական, նուիրեալ ու անսակարկ ծառայութեան վաստակ մը ձգելով իր ետին: Այս տողերուն հեղինակին համար այդ վաստակը խթան մը հանդիսացաւ ժառանգելու ու անվերապահօրէն ծառայելու անոր դաւանած ազգային գաղափարախօսութեան»:
Հանգիստ ննջէ բարեկամս: Ինչպէս կ՚ըսեն` մարդ չի մահանար այնքան ատեն` քանի դեռ յիշողներ կան: Իսկ քեզ միշտ պիտի յիշողներ ըլլան: Պիտի յիշեն անմնացորդ հայրենասիրութեանդ, գաղափարական անկոտրում կամքիդ եւ լայնախոհութեանդ համար:
Լոս Անճելըս, 15 Մարտ 2019